Թուրքիոյ Երեսուն Գիւղերու Մէջ Փողոց Դուրս Գալու Արգելք Յայտարարուած Է -
Թուրքիոյ Երեսուն Գիւղերու Մէջ Փողոց Դուրս Գալու Արգելք Յայտարարուած Է
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Պինկէօլի (Բիւրակն) նահանգապետարանը 30 գիւղերու մէջ փողոց դուրս գալու արգելք յայտարարելու մասին յայտարարութիւն հրապարակած է:
5 յուլիսէն սկսեալ արգելքի յայտարարումը առնչուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ իրականացուող գործողութիւններուն:
Արգելքը պիտի վերցուի այդ մասին նահանգապետարանին կողմէ համապատասխան յայտարարութեան հրապարակումէն ետք:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com