Ազնաւուրին Յանձնուեցաւ Իր Տուն-Թանգարանի Բանալին -
Ազնաւուրին Յանձնուեցաւ Իր Տուն-Թանգարանի Բանալին
Կասկադի մէջ այսօր կայացաւ պետութեան կողմէ «Ազնաւուր» հիմնադրամին Ազնաւուրի տուն-թանգարանի բանալիներու յանձնման արարողութիւնը: Տօնական արարողութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, աշխարհահռչակ շանսոնյէ, ՀՀ ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուր, ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-ֆրանսուա Շարփանթիէ, նախագիծի գործընկերները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրերու ներկայութեամբ Շառլ Ազնաւուրին յանձնեց կեցավայրի խորհրդանշական բանալին:
Այս առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ․«Շատ ուրախ եմ այսօր կը գտնուիմ այստեղ, այս լաւ, ջերմ միջավայրին` Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանին մէջ, որու առկայութիւնը Երեւանի մէջ պատիւ կը բերէ ոչ միայն Երեւանին, այլ մեր ամբողջ հասարակութեան»,- ըսած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեանի խօսքով` Ազնաւուրը կը պատկանի ո՛չ միայն Ֆրանսային ու Հայաստանին, այլեւ համայն մարդկութեան:
Շառլ Ազնաւուր այս առիթով ըսաւ, որ իրեն համար պատիւ եւ ուրախութիւն է ըլլալ այսօր հոս, ստանալ տուն-թանգարանի, մշակութային կեդրոնի բանալիները։
«Վստահութամբ եւ մեծ հանգստութեամբ կայացուցած եմ այս որոշումը, եւ որդիիս` Նիքոլա Ազնաւուրի հետ հիմնած «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որ պէտք է շարունակէ 1988 թուականի մեկնարկած իմ բարեգործական գործունէութիւնը:
«Ազնաւուր» հիմնադրամի առաջին նախագիծը պիտի ըլլայ այս թանգարանի հիմնումը, որ պիտի ըլլայ ոչ միայն ներգործող թանգարան, այլ նաեւ երիտասարդական կեդրոն, զբօսաշրջային կարեւոր վայր:
«Մեծ վստահութեամբ եւ հանգստութեամբ կայացուցած եմ այս որոշումը, քանի որ տեսած եմ, թէ ինչպէս վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մէկը միւսին ետեւէն կեանքի կը կոչուին կրթական, պատմամշակութային շատ կարեւոր, յառաջընթաց ապահովող ծրագիրներ:
«Այո, Շառլ Ազնաւուր անունը հանրաճանաչ է, մեծ ճանաչում ունի ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն այդ անուան ամբողջ պարունակած մշակոյթը եւս պէտք է գայ Հայաստան: Ոչ միայն Ազնաւուրին, այլ աշխարհասփիւռք ամբողջ հայութեան բոլոր գործերը պէտք է թարգմանուին, ըլլան այստեղ: Կարեւոր է անպայման, որ մենք մշակոյթը թարգմանենք, բերենք Հայաստան, որպէսզի Սփիւռք-Հայաստանը կապուին նաեւ այդ կերպով»,- ըսած է ան:
Շանսոնիէն իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայաստանի նախագահին, մշակոյթի նախարարութեան, բոլոր աջակիցներուն, որոնք արդէն իսկ կ՛աջակցին նախագիծի իրականացման, IDeA հիմնադրամին, անձամբ համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին, որ բոլոր ջանքերը ներդրած է կեանքի կոչելու այս ծրագիրը:
«Այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ապագայի հանդէպ իմ նուիրուածութեան վկայութիւնն է, որ, յուսով եմ, կը խրախուսէ սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը եւ կը հետաքրքրէ այցելուները աշխարհի բոլոր կողմերէն»,- “Փանորամա”-ի փոխանցմամբ՝ նշած է շանսոնիէն:
Ազնաւուր ըսաւ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերը պէտք է բոլորը միաւորեն իրենց ջանքերը ստեղծելու համար այնպիսի նախագիծեր, կենսակայուն ծրագիրներ Հայաստանի մէջ, որպէսզի հայ երիտասարդները հնարաւորութիւն ունենան իրենց երազանքներն իրագործել Հայաստանի մէջ` շրջապատուած հարազատներով:
Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուր իր որդիին` Նիքոլայի հետ, յայտարարեց «Ազնաւուր» հիմնադրամի ստեղծման մասին, որուն նպատակն է երգահանին ստեղծած ժառանգութեան պահպանութիւնն ու հանրայնացումը, ինչպէս նաեւ կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներու մշակումն ու իրականացումը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com