Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Պեքճեանի Ժամանելու Մասին Յայտարարութիւն Տարածած է -
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Պեքճեանի Ժամանելու Մասին Յայտարարութիւն Տարածած է
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է` կապուած պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի` Սթամպուլ ժամանելու հետ:
Պոլսոյ պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Պեքճեան Յունիս 1-ին ժամը 14:45-ին պիտի ժամանէ Սթամպուլ:
Նոյն երեկոյ` Գումգափուի Աթոռանիստ Մայր տաճարին մէջ ժամը 17:00-ին տեղի պիտի ունենայ հրաշափառի եւ երդման արարողութիւն: «Նորին Սրբազանութիւնը ցանկութիւն յայտնած է, որ մեր հաւատացեալները համախմբուին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, այլ ոչ թէ օդակայան: Ուստի, սիրով կը հրաւիրենք համայնքային եւ թաղային մարմիններն ու մամուլի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը արարողութեան մասնակցելու ու բարի գալուստ մաղթելու Նորին Սրբազանութեան»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Պեքճեան Մարտ 15-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհրդին կողմէ ընտրուած էր պատրիարքական տեղապահ: Անոր ընտրուելէն ետք, սակայն, Արամ արք․ Աթէշեան հրաժարած էր ձգել պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը, որու հետեւանքով պատրիարքարանին մէջ միառժամանակ լարուածութիւն սկսուած էր:
Աթէշեան միայն Մայիս 24-ին յայտարարեց հրաժարական տալու մասին` պաշտօնապէս Պեքճեանին հրաւիրելով Սթամպուլ: Վերջինս աւելի առաջ մեկնած էր Գերմանիա եւ յայտարարած, որ եթէ պատրիարքական ընտրութեան հետ կապուած որեւէ յստակ զարգացում տեղի չունենայ, պիտի չվերադառնայ Սթամպուլ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com