Հայաստանի Մէջ Պիտի Արգիլուի Հասարակական Վայրերու Մէջ Ծխելը -
Հայաստանի Մէջ Պիտի Արգիլուի Հասարակական Վայրերու Մէջ Ծխելը
Հայաստանի մէջ պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ ծխելը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան` նշելով, որ Հայաստանի մէջ չափահաս տղամարդոց աւելի քան 55%-ը ամենօրեայ ծխողներ են, իսկ կանանց 3%-ը, սակայն շատ են նաեւ ոչ ամէն օր ծխողները:
Ալթունեանի խօսքով` այս տարի պիտի ըլլան օրէնսդրական խիստ փոփոխութիւններ, որոնց արդիւնքով պիտի արգելուի ծխելը հասարակական վայրերու մէջ, կը գրէ Armtimes.com-ը:
«Ճաշարաններու մէջ պիտի չըլլան առանձին վայրեր չծխողներու համար, քանի որ պայքարը ոչ թէ չծխողներուն մօտ չծխելն է, այլ` ընդհանրապէս չծխելը: Փոփոխութիւններու ծրագիրը, թէեւ դեռ ամբողջութեամբ պատրաստ չէ, այնուամենայնիւ հիմք ունի Հայաստանի մէջ ծխողներու թիւը 30-40%-ով կրճատելու: Պիտի արգիլուի ծխախոտի գովազդը ամբողջութեամբ, տուփերուն վրայ պիտի ըլլան սարսափելի նկարներ, տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ծրագիրներ` ծխելը ձգելու համար եւ, որ նախարարին եւ ներկայացուցիչներու կարծիքով ամէնէն ազդուն է, պիտի թանկայ ծխախոտը», – ըսած է Ալթունեան:
Ըստ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան՝ աշխարհի մէջ մօտ 1 միլիառ մարդ կը ծխէ, իսկ տարեկան մօտ 5 միլիոն մարդ կը մահանայ ծխելէն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com