Ազնաւուր Ներկայ Գտնուեցաւ Իրեն Նուիրուած «Լա Պոհեմ» Ներկայացումին -
Ազնաւուր Ներկայ Գտնուեցաւ Իրեն Նուիրուած «Լա Պոհեմ» Ներկայացումին
Մայիս 29-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուդոլֆ Խառատեանի «Լա պոհեմ» պալէի առաջին ներկայացումը: Անիկա նուիրուած էր Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 93-րդ տարեդարձին: Պալէի առաջին ներկայացումին ներկայ էր նաեւ աշխարհահռչակ երգիչը, կը հաղորդէ “Երկիր”-ը:
Ազնաւուրի 12 երգէ բաղկացած ներկայացումը, ըստ Խառատեանի, կը պատմէ Ազնաւուրի մասին` անոր անցած ճանապարհին, պոհեմային կեանքին: «Երգերու, ներկայացման միջոցով Ազնաւուրի մասին կը պատմենք: Ներկայացման սկիզբը կը պատմէ, թէ 18 տարեկանին Ազնաւուր ինչպէս եկաւ «Փարիզը գրաւելու», եւ անիկա կ՛աւարտի անոր յիշողութեամբ` Ազնաւուր կը յիշէ Մոնմարտրիի մէջ ապրած իր տարիները, թէ ինչպէս այդ ժամանակ ուտելու բան չունէին, սոված էին, բայց, միաժամանակ, երջանիկ էին, քանի որ ունէր ամենագլխաւորը` երիտասարդ էր»,- ըսած է Խառատեան:
Նշենք, որ Յունիս 1-ին եւ 2-ին տեղի պիտի ունենայ «Քեզի համար, Ազնաւուր»՛ համերգը, որուն նոյնպէս, ամենայն հաւանականութեամբ, Ազնաւուր ներկայ պիտի գտնուի:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com