Պատրիարքական Տեղապահ Պեքճեան Յունիս Մէկին Պիտի Ժամանէ Սթամպուլ -
Պատրիարքական Տեղապահ Պեքճեան Յունիս Մէկին Պիտի Ժամանէ Սթամպուլ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը Յունիս 1-ին պիտի ժամանէ Սթամպուլ: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ը:
Պեքճեանի համար դիմաւորման յատուկ արարողութիւն պիտի կազմակերպուի, ինչպէս նաեւ Գումգափուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցանէ:
Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Պեքճեան Մարտ 15-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհրդին կողմէ ընտրուած էր պատրիարքական տեղապահ: Անոր ընտրուելէն ետք, սակայն, Արամ արք․ Աթէշեան հրաժարած էր ձգել պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը, որու հետեւանքով պատրիարքարանին մէջ միառժամանակ լարուածութիւն սկսուած էր:
Աթէշեան միայն Մայիս 24-ին յայտարարեց հրաժարական տալու մասին` պաշտօնապէս Պեքճեանին հրաւիրելով Սթամպուլ: Վերջինս աւելի առաջ մեկնած էր Գերմանիա եւ յայտարարած, որ եթէ պատրիարքական ընտրութեան հետ կապուած որեւէ յստակ զարգացում տեղի չունենայ, պիտի չվերադառնայ Սթամպուլ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com