​Զուարթնոցի Մէջ Պիտի Բացուի Մխիթարեան Միաբանութեան Գործունէութեան Նուիրուած Ցուցադրութիւն - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

30 Mayıs 2017  

​Զուարթնոցի Մէջ Պիտի Բացուի Մխիթարեան Միաբանութեան Գործունէութեան Նուիրուած Ցուցադրութիւն -

​Զուարթնոցի Մէջ Պիտի Բացուի Մխիթարեան Միաբանութեան Գործունէութեան Նուիրուած Ցուցադրութիւն ​Զուարթնոցի Մէջ Պիտի Բացուի Մխիթարեան Միաբանութեան Գործունէութեան Նուիրուած Ցուցադրութիւն

Ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն եւ ուրոյն տեղ ունեցող Մխիթարեան միաբանութիւնը այս տարի կը նշէ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի մուտք գործելու 300-ամեակը:

Մխիթար Սեբաստացիի, ինչպէս նաեւ միաբանութեան գործունէութիւնը հանրութեան ներկայացնելու ու հանրահռչակելու նպատակով «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնութիւնը նախաձեռնած է Սեպտեմբեր 21-ին «Զուարթնոց» պատմամշակութային-արգելոց թանգարանին մէջ բանալ «Ձայն տուր, ով կղզեակ» խորագիրը կրող ցուցահանդէս:

Հոգեւոր, ուսումնակրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը հիմնադրած է Մխիթար Սեբաստացին` 1701-ին, Պոլսոյ մէջ: 1717-ին միաբանութիւնը հաստատուած է Վենետիկի մօտ Սբ. Ղազար կղզիին վրայ` վերածելով զայն իւրայատուկ ոգեղէն Հայաստանի` կեանքի կոչելով Մխիթարեան միաբանութեան կարգախօսը` «Ի փառս Աստուծոյ եւ յանուն լուսաւորութէանն ազգի մերոյ»:

ՊՈԱԿ-ի կայքէն կը տեղեկանանք, որ ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ընթանան տարուան սկիզբէն: ՊՈԱԿ-ի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժնի վարիչ Էլմիրա Եսայեան Վենետիկ մէկշաբաթեայ գործուղման ընթացքին ծանօթացած է արխիւային հարուստ ու հետաքրքրական նիւթերու:

Նախանշուող ցուցադրութիւնը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու նպատակով «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերդեան հանդիպած է Հայաստանի Մխիթարեան կրթահամալիրի պատասխանատու Հայր Եղիայի հետ, քննարկած ցուցադրութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն, արխիւային ու բնագիր նիւթերուն առնչուող հարցեր:

ՊՈԱԿ-ի տնօրէնը խօսած է Մխիթարեան միաբանութեան արխիւային հարուստ նիւթերու որոշ մասը ցուցադրութեան ներկայացնելու, մասնաւորապէս` միաբանութեան կազմաւորման վերաբերող հռչակագիրին, միաբանութեան մէջ ուսանած ու աշխատած նշանաւոր մարդոց, օտարազգի հանճարներու բնագիր նիւթերու, անձնական իրերու եւ այլնի մասին:

Հայր Եղիան պատրաստակամութիւն յայտնած է ՊԵԱԿ-ի ցուցադրութիւններու բաժնի հետ համատեղ աշխատիլ իւրաքանչիւր նիւթի մշակման, հաւաքման ուղղութեամբ: Անոր խօսքով, ցուցադրութեան ներկայացուելիք արխիւային նիւթերու համար հարկ պիտի ըլլայ գրութեամբ դիմել Վենետիկ` Մխիթարեան միաբանութեան:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+