Թրքական Դատարանը Վճռած է Կալանաւորել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Պատգամաւորը -
Թրքական Դատարանը Վճռած է Կալանաւորել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Պատգամաւորը
Տիարպեքիրի դատարանը Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Օսման Պայտեմիրը կալանաւորելու մասին որոշում տուած է: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Միլիէթ» պարբերականը:
Պայտեմիր կը մեղադրուի Տիարպեքիրի քաղաքապետ ըլլալու ժամանակ` 2012-ին նահանգապետարանի դիմաց ոստիկաններ վիրաւորելու մէջ: Ան նահանգապետարան գացած էր խումբ մը պատգամաւորներու հետ` բողոքելու, որ իրենց արգիլած են ցոյց իրականացնել Պաթըքենթ հրապարակին վրայ:
Դատախազը պահանջած է անոր 1-3 տարուան բանտարկութեան դատապարտել:
Օսման Պայտեմիր Տիարբեքիրի քաղաքապետ եղած ժամանակ քանի մը անգամ ներողութիւն խնդրած էր Հայոց ցեղասպանութեան համար, ինչպէս նաեւ աջակցած է Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն:
Ան 2014-ին եկած էր Հայաստան, այցելած Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղիկներ խոնարհած Անմար կրակին մօտ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com