«Միացեալ Նահանգներ Փոխած Են ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Մարտավարութիւնը» Կ՛ըսէ Մաթիս -
«Միացեալ Նահանգներ Փոխած Են ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Մարտավարութիւնը» Կ՛ըսէ Մաթիս
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկրին ղեկավարած միջազգային դաշինքը փոխած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի մարտավարութիւնը:
«Մենք արդէն հրաժարած ենք յոգնեցնող մարտավարութենէն, ուր մենք ստիպուած ենք հակահարուած տալ անոնց անգամ մը այս, անգամ մը այն դիրքին` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Կ՛անցնինք ոչնչացման մարտավարութեան, ուր զանոնք կը շրջափակենք», ըսած է Մաթիս:
Ըստ Փենթակոնի ղեկավարին, Միջազգային դաշինքը մտադիր է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն չարտօնել այլ երկիրներէ վերադառնալ տուն: Փենթակոնի ղեկավարը անգամ մը եւս նշած է, որ շրջափակման ճիշդ այս մարտավարութիւնը հիմնական պիտի դառնայ Միջազգային դաշինքին համար:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com