Ռուբէն Վարդանեան Կ՛երազէ Աւրորա 2020-ը Հալէպի Մէջ Կազմակերպել -
Ռուբէն Վարդանեան Կ՛երազէ Աւրորա 2020-ը Հալէպի Մէջ Կազմակերպել
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան ըսած է, որ կ՛երազէ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութիւնը 2020-ին Հալէպի մէջ կազմակերպել, կը յայտնէ “Մեդիամասք”-ը
«Ցեղասպանութեան տարիներուն սուրիական Տէյր Զօր անապատը շատ հայերու գերեզմանը դարձաւ եւ կ’ուզէի Հալէպի մէջ կազմակերպել «Աւրորա»-ն: Ատիկա իմ երազանքն է, բայց հնարաւոր է, որ հանգամանքներու բերումով անիկա չկատարուի», – ըսած է նախաձեռնութեան համահիմնադիրը:
Ռուբէն Վարդանեան նշած է, որ յառաջիկայ տարիներուն կարեւոր է նախաձեռնութեան հիմնական ուղերձներու հետեւողական տարածումը, վստահութեան կառուցումը եւ «Աւրորա»-ն համաշխարհային շարժման վերածելը:
Նախաձեռնութեան համահիմնադիրին կարծիքով «Աւրորա» մարդասիրութեան ցուցիչը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կարելի է փոխել իրադրութիւնը եւ աւելի շատ երիտասարդներ ներգրաւել նման նախաձեռնութիւններու:
«Մարդասիրական ճգնաժամը, անտարբերութիւնը, կարեկցանքի պակասը եւ հաստատութիւններու նկատմամբ հաւատքը կորսնցնելը հիւանդութեան մը ախտանիշներ են, որու զարգացումը հարկաւոր է կանգնեցնել: Մենք չենք փորձեր մեղաւորներ գտնել, մենք կը փորձենք հասկնալ, թէ ինչ պէտք է ընել՝ զայն շտկելու համար»,-ըսած է Ռուբէն Վարդանեան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com