Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողով՝ Պրիւքսէլի մէջ -
Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողով՝ Պրիւքսէլի մէջ
Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքները համակարգելու, այդ աշխատանքներուն նոր թափ տալու եւ աշխարհագրութիւնը ընդարձակելու նպատակով, Պրիւքսէլի Հայ Տան մէջ Մայիս 27-28-ին տեղի ունեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։
Ներկայ եղան Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու (Անգլիա, Յունաստան, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա) եւ Չեխիայէն ու Ջաւախքէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընդհանուր՝ շուրջ 35 հոգի։
Խորհրդաժողովին բացումը կատարեցին Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեանը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ՝ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Անոնք կարեւորեցին տարածաշրջանային այս խորհրդաժողովներուն գումարումը, որ սովորաբար տեղի կ՚ունենան 2-3 տարին անգամ մը, իսկ մինչ այդ՝ կը գումարուի Հայ Դատի յանձնախումբերու համահայկական խորհրդաժողովը, ինչպէս անցեալ տարի՝ տեղի ունեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ։
Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախորդ մէկ տարուան աշխատանքները։ Լսեց զեկոյցներ՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու մասին (ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարեն Նազարեան), Արցախի բանակցութիւններու եւ միջազգային իրավիճակի մասին (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան), Ազրպէյճանի «խաւիարային դիւնագիտութեան» մասին (Մուշեղ Եկմալեան), Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի եւ հատուցումներու մասին (Պետօ Տէմիրճեան եւ Կիրօ Մանոյեան), միջազգային հանրութեան՝ Արցախը որպէս հակամարտութեան գօտի կարծրատիպի փոփոխութեան՝ Արցախի մեկուսացումէն դուրս բերելու գործընթացի մասին (Հեղինէ Էվինեան), Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ համաեւրոպական կառոյցներու հետ աշխատանքներու մասին (Հեղինէ Էվինեան, Աշխեն Ֆիքսովա), Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու կազմութեան մասին (Գասպար Կարապետեան), Ջաւախքի հայութեան իրավիճակի մասին (Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող՝ Արտակ Գաբրիէլեան), Սուրիահայութեան վիճակի եւ աջակցութեան աշխատանքներու մասին (Կիրօ Մանոյեան, Պետիկ Պետրոսեան), հանրային կապերու մասին (Պետօ Տէմիրճեան, Յարութ Շիրինեան)։ Բոլոր զեկոյցներէն ետք՝ հարց-պատասխաններուն յաջորդեցին ժողովականներուն կարծիքներու փոխանակումը եւ եզրակացութիւնները՝ Հայ Դատի յանձնախումբերու կատարելիք աշխատանքներու մասին։
Խորհրդաժողովին ծանուցուեցաւ, որ Հոկտեմբեր 16-17-ին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի գումարուի Եւրոպահայութեան 4-րդ համաժողովը, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ։ Համաժողովը պիտի կայանայ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համապարփակ եւ ընդլայնված գործընկերութեան համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ հատուցումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման աշխատանքներուն։
Խորհրդաժողովին փակումը կատարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ինչպէս բացման իր խօսքին մէջ, դարձեալ գոհունակութիւն յայտնեց մեծ թիւով երիտասարդներու Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ այս խորհրդաժողովին մասնակցութեան համար։
Շաբաթ, Մայիս 27-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Պելճիքայի մարմնին կազմակեր¬պութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին Եւրոմիութեան մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարյանը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Երեկոն խանդավառեց երգիչ Աղասի Իսպիրեան։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
28 Մայիս, 2017
Պրիւքսէլ, Պելճիքա
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com