«Աւրորա» Մրցանակին Դափնեկիրը Դարձաւ Թոմ Քաթինա -
«Աւրորա» Մրցանակին Դափնեկիրը Դարձաւ Թոմ Քաթինա
Սուտանի 750 հազար բնակիչ ունեցող Նուպա լեռներուն մէջ մշտական ներկայութիւն ունեցող միակ վիրաբոյժը` Թոմ Քաթինան, Մայիս 28-ին, հռչակուած է «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան դափնեկիր:
«Աւրորա» մրցանակի 2017 թուականի գլխաւոր մրցանակակիրը բժիշկ Թոմ Քաթինան է: Յաղթողին անունը յայտարարած եւ մրցանակը յանձնած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Իբրեւ «Աւրորա»-ի դափնեկիր՝ Թոմ Քաթինային պիտի շնորհուի 100,000 ԱՄՆ տոլարի պարգեւ` շարունակելու իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ $1,000,000 դրամաշնորհ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի տայ շարունակելու նուիրատւութեան շղթան` աջակցելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:
Նշենք, որ Թոմ Քաթինա արդէն երկար տարիներ կ՝աշխատի Սուտանի Նուպայի լեռներուն մէջ գտնուող հիւանդանոցին մէջ: Քաթինան այնտեղ միակ բժիշկն է եւ պատասխանատու է շրջանի 750 հազար բնակիչների բուժսպասարկման համար: Հիւանդանոցը բաւական հեռու է միւս բնակավայրերէն, եւ հիւանդները յաճախ ոտքով կը հասնին այնտեղ:
Հիւանդանոցը այսօր ունի 450 մահճակալ, բայց յաճախ անոնք չեն բաւականացներ` բոլոր հիւանդներն ու վիրաւորները ընդունելու համար. լրացուցիչ մահճակալները ստիպուած կ՝ըլլան պատշգամբին դնելու: Մեծահասակներու համար նախատեսուած մէկ մահճակալին, իբրեւ կանոն, միաժամանակ կը պառկի քանի մը երեխայ:
Հիւանդանոցին մէջ կայ նաեւ ժամանակակից սարքերու պակաս: Ցաւազրկման համար անոնք շատ հին սարքեր կ՝օգտագործեն, իսկ մինչեւ վերջերս անդամահատումը կ՝ընէին սովորական սղոցով: Անցեալ ամսուան վերջը, Քաթինայի խօսքով, երկարամեայ սպասումէ ետք, իրենց հիւանդանոցը վերջապէս ստացած է նկարող սարք:
Հիւրերը մեծարանքի արժանացուցած են նաեւ մրցանակի միւս երեք յաւակնորդները` Սոմալիէն Ֆարթուն Ատանին եւ անոր դուստրը` Իլուատ Էլմանը, Աֆղանիստանէն կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող Ճամիլա Աֆղանը, Սուրիոյ Մատայա քաղաքին մէջ դաշտային հիւանդանոցի բժիշկ Մուհամմատ Տարուիշը եւ Տէնիս Մուգվեկէն, որ բժշկական, հոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէ Քոնկոյի մէջ սեռական բռնութիւններու ենթարկուած աւելի քան 50,000 կանանց:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած են 100 LIVES եւ Aurora Prize նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրեգորեան, Նուպար Աֆէյեան եւ Ռուբէն Վարդանեան:
Արարողութեան ներկայ եղած են ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.:
Նշենք, որ Aurora Prize մրցանակաբաշխութիւնը ստեղծուած է, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը վերապրած բոլոր հայերու անունով շնորհակալութիւն յայտնէ փրկիչներուն: Հարիւր տարի առաջ անոնց դրսեւորած քաջութեան յիշատակին՝ մրցանակով պիտի պարգեւատրուին ժամանակակից հերոսները, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը յանուն ուրիշներու փրկութեան:
«Աւրորա» մրցանակը շնորհելով` 100 LIVES նախաձեռնութիւնը ճանաչման կ՝արժանացնէ մերօրեայ հերոսները, որոնք անձնուիրաբար կ՝օգնեն մարդոց: Անիկա հիմնած են հայ գործարարներ Ռուբէն Վարդանեան, Նուպար Աֆէյեան եւ Քարնեկի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրեգորեան:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com