​Թուրքիա Կը Մերժէ Ընդունիլ Բանաձեւը. Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Դատապարտեց Էրտողանի Թիկնապա - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

27 Mayıs 2017  

​Թուրքիա Կը Մերժէ Ընդունիլ Բանաձեւը. Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Դատապարտեց Էրտողանի Թիկնապա -

​Թուրքիա Կը Մերժէ Ընդունիլ Բանաձեւը. Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Դատապարտեց Էրտողանի Թիկնապա ​Թուրքիա Կը Մերժէ Ընդունիլ Բանաձեւը. Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Դատապարտեց Էրտողանի Թիկնապահներուն Բռնարարքները

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հինգշաբթի, 25 մայիսին Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուց 16 մայիսին տեղի ունեցած` խաղաղ ցուցարարներու վրայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ առաջնորդուած վայրագ յարձակումը դատապարտող բանաձեւը:

Յարձակումը դատապարտելու համար պատրաստուած թիւ 354 բանաձեւը ներկայացուած էր արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ նոյն յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիըթ Էնկըլի կողմէ, Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիի եւ դեմոկրատական ղեկավարներէն Սթենի Հոյըրի աջակցութեամբ:

Բանաձեւին վաւերացումը յոյժ կարեւոր նկատող Ռոյսի եւ Էնկըլի ելոյթներուն կողքին, յատկանշական ելոյթ մը ունեցած է նաեւ քոնկրեսական Թետ Փօ, որ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյցերը կրկնապատկելու: «Պէտք չէ արտօնենք, որ օտար բռնատէր մը մեր սուրբ իրաւունքները ոտնակոխէ ամերիկեան հողի վրայ: Արդարութիւնը կը պահանջէ, որ ան եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչուին», ըսած է Փօ:

Բանաձեւին զօրակցելու ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Տանա Ռորպաքըր, Տէյվիտ Սիսիլին, Պրետ Շըրմըն եւ Էն Ուեկնըր:

Այս առիթով արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Եւրոպայի հարցերով ենթայանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տուած են նոյն ցոյցին մասնակցած Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, անոր ընթացքին վիրաւորուած Լուսիկ Ուսոյեան եւ Մուրատ Եուսա: Նշենք, որ ազգութեամբ եզիտի Լուսիկ Ուսոյեան երեք տարեկանին իր ծնողներուն հետ հեռացած է Հայաստանէն, սակայն Հայաստան կը մնան անոր բազմաթիւ ազգականները, որոնցմէ մէկն էր անցեալ տարուան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին վայրագօրէն սպաննուած Քեարամ Սլոյեան:

Համբարեան ողջունեց սոյն բանաձեւին միաձայնութեամբ վաւերացումը` շեշտելով, որ Էրտողանին պէտք չէ արտօնուի, որ իր բռնարարքները Միացեալ Նահանգներ արտածէ:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ խաղաղ ցուցարարներու վրայ կատարուած այս յարձակումը ոտնակոխում մըն է ամերիկեան սկզբունքներուն եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու իրաւանց: Հոն նաեւ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ ամերիկացի քաղաքացիներ ծեծած երկու թուրք թիկնապահները, կարճ ժամանակով ձերբակալուելէ ետք` ազատ արձակուած են, նկատի ունենալով անոնց դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնը, հակառակ անոր որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնար զանոնք անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջ ներկայացնել Անգարայի իշխանութեանց` նկատի ունենալով անոնց բռնարարքներուն տարողութիւնը:

Նաեւ կը շեշտուի, որ ասիկա Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ արձանագրուած առնուազն երրորդ վայրագ միջադէպն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ու կը պահանջուի պաշտօնապէս ամբաստանել ու դատապարտել բոլոր թիկնապահները, որոնք խախտած են ամերիկեան օրէնքները:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Միւֆիւօղլու բանաձեւը նկատած է ոչ առարկայական եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող:

Ըստ թրքական կողմին, Միացեալ Նահանգներ աճապարած են բանաձեւի որդեգրման հարցին մէջ` չուսումնասիրելով խնդիրի բոլոր կողմերը: Աւելի՛ն, Թուրքիան մեղադրած է Ուաշինկթընը միջադէպէն առաջ անվտանգութեան անհրաժեշտ միջոցառումներ չորդեգրելու համար` պնդելով, որ անոնք բազմիցս զգուշացուցած են ամերիկեան կողմը հաւանական սադրանքներու մասին:

«Մենք մինչեւ այս պահս չունինք պատասխանը այն հարցումներուն, թէ ինչո՛ւ մեր ամերիկացի գործընկերները չձեռնարկեցին անվտանգութեան խիստ միջոցառումներ այնպէս, ինչպէս ատիկա կատարած են մեր նախագահի միւս այցելութիւններուն ժամանակ», ըսած է Միւֆթիւօղլու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+