​Պոլսոյ Հայ Համայնքին Մէջ Հակակրանք Կայ Աթէշեանի Նկատմամբ. Բագրատ Էսդուգեան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

26 Mayıs 2017  

​Պոլսոյ Հայ Համայնքին Մէջ Հակակրանք Կայ Աթէշեանի Նկատմամբ. Բագրատ Էսդուգեան -

​Պոլսոյ Հայ Համայնքին Մէջ Հակակրանք Կայ Աթէշեանի Նկատմամբ. Բագրատ Էսդուգեան ​Պոլսոյ Հայ Համայնքին Մէջ Հակակրանք Կայ Աթէշեանի Նկատմամբ. Բագրատ Էսդուգեան

Պոսլոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի հրաժարականէն ետք Սթամպուլի մէջ կը սպասեն Պոլսոյ պատրիարքարանի տեղապահ ընտրուած Գարեգին Պեքճեանի պատասխանին, որ գայ Պոլիս ու ստանձնէ տեղապահի պաշտօնը: Այս մասին այսօր Երեւանի մէջ լրագրողներուն յայտնած է «Ակօս»-ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:

«Արամ արքեպիսկոպոսը իր յայտարարութեան մէջ հրաժարումի մասին չէ խօսած, բայց ըսած է, որ Գարեգին Պեքճեանին կը յանձնէ աթոռը: Սա կը նշանակէ, որ ան ինքիրեն հրաժարական կու տայ», – անդրադառնալով Արամ Աթէշեանի հրաժարականին` ըսած է Էսդուգեան` միաժամանակ նշելով, որ այդ յայտարարութիւնը Արամ սրբազանը պէտք է կատարէր Մարտ 15-ին, երբ յայտնի դարձաւ, որ տեղապահ ընտրուած է Գարեգին Պեքճեան:

Բագրատ Էստուկեանի կարծիքով` Աթեշեանի յայտարարութենէն կարելի է ենթադրել, թէ ազդանշաններ կան, որ կրնան ձեռնարկուիլ պատրիարքարանի ընտրութիւնները:

Ան ըսած է նաեւ, թէ չի կարծեր, որ այս անգամ ընտրութիւնները հետաձգուին:

Բագրատ Էսդուգեան շատ հաւանական կը համարէ, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Արամ Աթէշեան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:

Անոր խօսքով` Աթէշեան իր յոյսը դրած է իրեն համակիր եւ համայնքին մէջ ազդեցութիւն ունեցող «հզօր ուժերուն», լրատուամիջոցներու ազդեցութեան եւ լծակներու վրայ:

«Իսկ համայնքը այլեւս Աթէշեանի նկատմամբ համակրանք չունի: Ընդհակառակը, հակակրանք կայ անոր նկատմամբ: Աթէշեան բաւական մաշեցաւ»,- ըսած է Բագրատ Էսդուգեան` ընդգծելով, որ հասարակութիւնը, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Աթէշեան կառավարութեան, իշխանութիւններու հետ կ՛աշխատի, վերապահումով կը վերաբերի անոր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+