Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահ Պեքճեան 10 Օրուան Ընթացքին Պիտի Ժամանէ Սթամպուլ -
Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահ Պեքճեան 10 Օրուան Ընթացքին Պիտի Ժամանէ Սթամպուլ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք․ Պեքճեան 10 օրուան ընթացքին պիտի ժամանէ Սթամպուլ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին Պեքճեան ըսած է «Ակօս»-ին:
«Վեհափառին եւ ինծի նամակ ուղարկուած է, հրաւիրուած եմ «Համբարձման» ընթրիքին, սակայն Գերմանիոյ մէջ պայմանաւորուածութիւններ ունիմ: 10 օրուան մէջ կու գամ Սթամպուլ եւ կը սկսիմ աշխատանքներուս: Հանդիպումներ ունեցած եմ նախապատրաստութիւններու թեմայով, ատոն ալ 10 օրուան մէջ կ’ամբողջանան: Երբ գամ, այդ ժամանակ կը շարժուիմ համաձայն անոր, թէ ինչ կ՛ուզէ պետութիւնը եւ մենք ինչ պէտք է ընենք», ըսած է Պեքճեան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com