Արք․ Աթէշեան Նամակներ Յղած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Եւ Արք. Պեքճեանին -
Արք․ Աթէշեան Նամակներ Յղած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Եւ Արք. Պեքճեանին
Մայիս 24ին, Պատրիարքարանին մէջ Արամ Արք. Աթէշեանի եւ կարգ մը համայնքային դէմքերու մէկտեղումով տեղի ունեցած ժողովին պատրիարքի տեղապահ Արամ արք, Աթէշեան հրաժարական տուաւ, կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։
Այդ առիթով Արամ Արք. Աթէշեանի «Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ» տիտղոսով ստորագրած երկու նամակներու յղած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսին եւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդին, կամ աւելի ճիշդ բացատրութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Տեղապահին։
Սոյն նամակներու մէջ Սրբազան Աթէշեան կ՚անդրադառնայ թէ պետութեան շրջանակներէ եկած կարգ մը ազդանշաններ մտածել կու տան, որ ժամանակը եկած է պատրիարքի ընտրութեան գործընթացքին ձեռնարկելու։
Փոխանորդ Սրբազանը կը խոստանայ իսկոյն փոխանցել Պատրիարքարանի վարչութիւնը ընտրեալ տեղապահին եւ սատարել անոր աշխատութիւններուն։ Ան կը վստահեցնէ, թէ տեղապահ սրբազանի Պոլիս ժամանելով զայն պիտի դիմաւորէ օդակայանէն եւ պիտի ապահովէ անոր Հրաշափառի երգեցողութեամբ աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի մուտքը։ Պիտի ապահովէ Պատրիարքարանի մէջ աշխատասենեակ եւ կեցութեան յարմարութիւններ։ Ան յստակօրէն կը խօսի Պատրիարքարանի ղեկը փոխանցելու տրամադրութեան մասին։
Ի տես այս իրադարձութեան՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է թէ՛ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ թէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ստեղծուած կացութեան համար եւ երկու սրբազաններուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները, որպէսզի անոնք ջանք ու եռանդ չխնայեն պատրիարքական ընտրութեան հարցին լուծումը ի կատար ածելու համար։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com