Էսաեան Վարժարանի Աւարտական Դասարանի Սաները Այցելեցին Պալըքլըի Ազգային Գերեզմանատունը -
Էսաեան Վարժարանի Աւարտական Դասարանի Սաները Այցելեցին Պալըքլըի Ազգային Գերեզմանատունը
Էսաեան վարժարանի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Պալըքլըի ազգային գերեզմատունը, հայերէնի ուսուցչուհի Արմաւենի Միրօղլուի հսկողութեամբ։ Տղաքը աղօթեցին գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատրան մէջ եւ շրջայց մը կատարելով հաղորդ դարձան գերեզմանատան պատմութեան։ Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին ընդհանուր նահատակաց յուշարձանին մօտ եւ տեղեկութիւններ քաղեցին մեր այն մտաւորականներուն մասին, որոնք կը ննջեն այս գերեզմանատան մէջ։ Էսաեանցիները այցելեցին նաեւ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի շիրիմը, ուր բերին իրենց խոնարհումը անոր բարի յիշատակին առջեւ։
Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com