Իսթանպուլի Գլխաւոր Քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ Երէկ Այցելեց Մխիթարեան Վարժարան -
Իսթանպուլի Գլխաւոր Քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ Երէկ Այցելեց Մխիթարեան Վարժարան
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ երէկ այցելեց Մխիթարեան վարժարան։ Այս առթիւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցի երդիքին տակ։ Քաղաքապետ Թոփպաշին ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ եւ իր խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ։ Ներկայ էր նաեւ Շիշլիի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր։
Քաղաքապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Տ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի եւ տնօրէնուհիներուն՝ Եւա Օրագեանի (լիսէ), Էլտա Գարակէօզեանի (միջնակարգ) եւ Քաթիա Վարկըի (նախակրթարան) կողմէ։
Դպրոցի պատմական համալիրէն ներս շրջայց մը կատարելէ վերջ Թոփպաշ եւ ընկերակիցները խորհրդակցեցան հաստատութեան վարչայիններուն հետ։ Քատիր Թոփպաշ բարձր գնահատեց կրթադաստիարակչական ոլորտէն ներս Մխիթարեան վարժարանի ծաւալած գործունէութիւնը։ Ան տեղեկութիւններ քաղեց նաեւ դպրոցի կարիքներուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։ Թոփպաշ պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնելու համար հաստատութեան։
Քաղաքապետը, որ ստորագրեց դպրոցի պատուոյ տոմարը, որպէս նուէր ստացաւ Մխիթարեան վարժարաններու պատմութեան վերաբերեալ եռահատորը։ Հիւրերն ալ դպրոցին նուիրեցին դրօշակ մը։ Քաղաքապետն ու ընկերակիցները պատուասիրուեցան ընդունելութիւնով մը, որու պատրաստութիւնները տեսած էր ծնողաց միութիւնը
Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com