​Ամերիկեան Օդային Հարուած Հարաւային Սուրիոյ Մէջ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

19 Mayıs 2017  

​Ամերիկեան Օդային Հարուած Հարաւային Սուրիոյ Մէջ -

​Ամերիկեան Օդային Հարուած Հարաւային Սուրիոյ Մէջ ​Ամերիկեան Օդային Հարուած Հարաւային Սուրիոյ Մէջ

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը սուրիական բանակին աջակցող զինեալ խմբաւորում մը հարուածած է:

Պաշտօնատարը յայտնած է, որ նախքան օդային հարուածը, ամերիկեան օդուժը զգուշացման կրակոց կատարած է, երբ նշեալ խմբաւորման ուժերը շարժած են Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող ուժերուն գտնուած վայրին ուղղութեամբ: Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ չեն, եթէ իրենց հարուածած ուժերուն մէջ սուրիացի զինուորներ կա՞ն, թէ՞ ոչ:

Փենթակոնի աջակցութիւնը վայելող ընդդիմադիր Մաղաուիր Սաուրա խմբաւորման պաշտօնատարներէն Մազահիմ Սալլում նախապէս «Ռոյթըրզ»¬ին յայտնած էր, որ Միջազգային ուժերու օդանաւերը հարուածած են սուրիական բանակի եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումի մը շարասիւնը, որ կ՛ուղղուէր Սուրիոյ հարաւը գտնուող Թանաֆ ռազմակայան, ուր կը գտնուին ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր` աւելցնելով, որ շարասիւնը կը գտնուէր ռազմակայանէն 27 քիլոմեթր հեռու, երբ Միջազգային դաշինքի օդուժը զայն հարուածած էր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+