​Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակողները Եղած Են Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

18 Mayıs 2017  

​Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակողները Եղած Են Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները -

​Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակողները Եղած Են Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները ​Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակողները Եղած Են Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ խաղաղ ցոյցի մասնակիցներուն վրայ կատարուած յարձակումին հեղինակները եղած են ինքնին Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրէ բրիտանական հեղինակաւոր «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին ականատեսներէն մէկը ըսած է, որ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները ծեծկռտուք սկսած են, երբ ցոյցին մասնակիցներէն մէկը բարձրացուցած է քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դրօշը:

Կատարուածին անդրադարձած են նաեւ միջազգային հեղինակաւոր այլ լրատուամիջոցներ:

«Սի.Էն.Էն.» յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցութեան վայրին դիմաց կատարուած յարձակումին պատճառով վիրաւորուած է 9 մարդ:

«Տը Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթը եւս կը գրէ, որ ցուցարարներուն դէմ յարձակած են Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: Տեղադրուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի նաեւ, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը հայհոյեն խաղաղ ցուցարարներուն հասցէին: Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ վիրաւորներէն երկուքը ծանր վիճակի մէջ են: Ոստիկանական բաժանմունքի բանբեր Տասթին Սթեռնպեք յայտնած է, որ կատարուածին առնչութեամբ երկու մարդ ձերբակալուած է: Անոնցմէ մէկը կը մեղադրուի բախումի ժամանակ ոստիկանի դէմ յարձակելու ամբաստանութեամբ:

Նշենք, որ ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի, Ամերիկայի Հելլենական խորհուրդի եւ շարք մը քրտական, ասորական, յունական եւ եզիտիական կազմակերպութիւններու կողմէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+