Ընտրութեան հարցով կուսակալութենէն լաւ լուրի մը կը սպասենք.Նուրհան Չէթինքայա -
Ընտրութեան հարցով կուսակալութենէն լաւ լուրի մը կը սպասենք.Նուրհան Չէթինքայա
«Իմ ունեցած տուեալներով Թուրքիոյ կառավարութիւնն ալ համամիտ է, որ պատրիարքական ընտրութեան ընդհանուր գործընթացը սկիզբ առնէ» «Հայ Ձայն»ին յայտնեց պոլսահայ հասարակական գործիչ ՝ Նուրհան Չէթինքայա: Չէթինքայա, որ անդամ է Պոլսոյ Պաքըրգիւղ շրջանի քաղաքապետարանի մշակութային խորհուրդին յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն շատ հաւանական է, որ Պոլսոյ կուսակալութիւնը Պատրիարաքական ընտրութեան հարցով կարեւոր եւ դրական յայտարարութիւն մը կատարէ: «Նախագահ Էրտողան, որ ներկայիս պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի ԱՄՆ իր վերադառնալէն ետք այս խնդրին վերաբերեալ կարեւոր խօսք պիտի ըսէ, ու շատ հաւանական է որ ան ընդունի Պետրոս Շիրինօղլուն եւ վերջինիս հետ քննարկէ հնարաւոր բոլոր միջոցները այս տագնապէն դուրս գալու համար»: Չէթինքայա նաեւ նկատել տուաւ, որ իր տեղեկութիւններով Պոլսոյ Աթոռի տեղապահ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեան Պոլիս պիտի չվերադառնայ այնքան ժամանակ, որ Աթէշեան չէ հեռացած հոնկէ. ան այս առումով ըսաւ «Իմ տեղեկութիւններով Պետրոս Շիրինօղլու հեռախօսային կապ հաստատած է տեղապահ սրբազան հօր հետ վերջինիս փոխանցելով, որ երկրի իշխանութիւնները դէմ չեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը սկսելու, սակայն սրբազանը յայտնած է, որ ինք չի պատրաստուիր Պոլիս վերադառնալ այնքան ժամանակ, որ Աթէշեան հոնկէ չէ հեռացած»:
Մեր խօսակիցը ըսաւ, թէ ինք ոչ ոքի կողմ է եւ այսօր համայնքին առջեւ դրուած հիմնական հարցը նոր պատրիարք մը ընտրելն է: Ան այս առումով ըսաւ «Հիմա կանուխ է պատրիարքութեան թեկնածուներու անուններուն մասին խօսիլը: Հիմա կարեւորը ընտրական գործընացը սկսիլն է: Ես ոչ Աթէշեանի, ոչ Մաշալեանի, ոչ Չուլճեանի եւ ոչ ալ Պեքճեանի կողմնակից եմ: Բոլորն ալ թեկնածու թող ըլլան եւ համայնքը թող արդար կերպով ընտրէ իր պատրիարքը» եզրակացուց Չէթինքայա:
Չէթինքայա նաեւ ըսաւ, թէ ինք լաւատես է եւ յոյս ունի, որ գալիք օրերուն Պոլսոյ կուսակալութիւնը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը սկսելու վերաբերեալ դրական յայտատարութեամբ մը հանդէս կու գայ: Յիշեցնենք, որ անցեալ կիրակի օր Պոլսոյ Ֆէրիգիւղ շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ շուրջ քսան պոլսահայեր Աթէշեանի դէմ բողոքի լուռ հաւաք մը կատարած էին: Այդ հաւաքի կազմակերպիչներէն մին էր նաեւ «Հայ Ձայն»ի այսօրուան խօսակիցը ՝ Նուրհան Չէթինքայան:
Bu haber haydzayn.am kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (haydzayn.am) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(haydzayn.am). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com