​Facebook-ի Մէջ Յայտնուած Անմոռուկը Թուրքիոյ Մէջ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած է– - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

16 Mayıs 2017  

​Facebook-ի Մէջ Յայտնուած Անմոռուկը Թուրքիոյ Մէջ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած է– -

​Facebook-ի Մէջ Յայտնուած Անմոռուկը Թուրքիոյ Մէջ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած է– ​Facebook-ի Մէջ Յայտնուած Անմոռուկը Թուրքիոյ Մէջ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած է

Թրքական մամուլին մէջ մեծ իրարանցում յառաջացուցած է մայրերու միջազգային օրուան` Մայիս 14-ի առթիւ «Facebook» ընկերային ցանցին մէջ կատարուած նորամուծութիւնը: Այս օրերուն ցանցի օգտատէրերը կրնան արձագանգել գրառումներուն «Երախտապարտ եմ» խորհրդանշանական մանուշակագոյն ծաղիկի միջոցով, որ թուրքերը նոյնացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշը դարձած անմոռուկին հետ, կը յայտնէ «Էրմէնի հապեր»-ը:

«Facebook»-ը խաբած է ձեզ», «Facebook-ի ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ծաղիկը Հայոց Ցեղասպանութեան խորհրդանի՞շն է», «Ի՞նչ թաքնուած է Facebook-ի ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ նշանին ետեւ», «Facebook-ի հայկական խաղը` ընդդէմ թուրքերուն», «Արդեօ՞ք մենք երախտապարտ ենք Facebook-ին» եւ նմանատիպ վերնագիրներով բազմաթիւ յօդուածներ յայտնուած են թրքական լրատուակայքերուն մէջ` միաբերան պնդելով, որ այս քայլով հռչակաւոր համաշխարհային ցանցը ակնյայտ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ հայերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին:

Թրքական մետիան կը պնդէ, որ «Facebook»-ը Մայրերու տօնին համար չէր կրնար պատահաբար ընտրել այդ խորհրդանիշը, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակի ձեռնարկներուն ընթացքին անմոռուկը լայնօրէն պրոպականդ եղած էր եւ գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ արդէն կը կապուի, կը նոյնացուի Ցեղասպանութեան հետ:

Թրքական աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ անմոռուկը ընտրուած էր իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի խորհրդանիշ, քանի որ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ զայն կը զուգորդեն «չմոռանլու», «յիշելու» գաղափարներուն հետ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+