​«Թրքական Ուժերուն Առաջարկուած Է Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հսկողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

16 Mayıs 2017  

​«Թրքական Ուժերուն Առաջարկուած Է Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հսկողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապ -

​«Թրքական Ուժերուն Առաջարկուած Է Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հսկողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապ ​«Թրքական Ուժերուն Առաջարկուած Է Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հսկողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Վէյսի Քայնաք 12 մայիսին թրքական նշեալ լրատուամիջոցին յայտնած է, թէ անցեալ ամիս Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին Թուրքիոյ առաջարկուած է ստանձնել Իտլիպ նահանգին մէջ զինադադարի հսկողութեան առաքելութիւնը:

Պոսնիայէն Թուրքիա իր վերադարձին ընթացքին Քայնաք այս առաջարկին նկատմամբ Անգարայի դրական ընկալումը նշելով, յայտնած է, որ Իտլիպի մէջ թրքական ուժերու տեղակայումը պիտի նպաստէ Թուրքիոյ սահմանի անվտանգութեան ապահովման, սակայն լարուածութեան մեղմացման գօտիներու քարտէսագրումը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական որոշումի մը կայացումը:

«Անոնք մեզի այդ առաջարկը կատարեցին Ասթանայի մէջ վերջին հանդիպումին ընթացքին: Մեզմէ խնդրեցին այդտեղ գօտի մը հաստատել: Այդ մէկը նաեւ կարեւոր է Թուրքիոյ սահմանի ապահովութեան համար, որովհետեւ Պայըրպուչաք թիւրքմէն խմբաւորումներ ամիսներով ռմբակոծուեցան մեր քիթին տակ: Նաեւ «Եփրատի վահան»-ի եւ Իտլիպի միջեւ գոյութիւն ունի մեծ տարածք մը, որ (քրտական «Ա») Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ է: Ճիշդ այդտեղ պէտք է անվտանգութիւն հաստատենք», ըսած է Քայնաք:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը նաեւ յայտնած է, որ թրքական բանակի սպայակոյտը միջազգային ընտանիքին գիտութեամբ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր դիրքեր հաստատել, եւ ներկայիս կը ծրագրէ Պապէն արեւմուտք գտնուող ռազմավարական դիրքի տէր Աքիլ բլուրին վրայ նոր զօրանոց մը հիմնել:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ վեցամսեայ տեւողութեան մը համար լարուածութեան մեղմացման չորս գօտիներու ստեղծման համաձայնութիւնը, որ ուժի մէջ մտաւ 6 մայիսին, պէտք է ընդլայնուի եւ ներառէ սուրիական բոլոր հողերը»:

«Այդ համաձայնութիւնը զարգացնելու համար օրեր առաջ Ասթանայի մէջ ժողով կայացաւ Թուրքիոյ, Իրանի, Սուրիոյ կառավարութեան եւ զինեալ ընդդիմութեան մասնակցութեամբ: Իբրեւ առաջին քայլ Սուրիոյ մէջ չորս շրջաններ նկատի առնուեցան, իսկ աւելի ուշ այս մէկը պիտի ընդլայնուի սուրիական մնացեալ հողերուն վրայ եւս», նշեց Լաւրով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+