​Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պահպանէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Իր Կապերը, Եւ Անգարան Մտահոգուելու Պատճառ Չուն - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

16 Mayıs 2017  

​Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պահպանէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Իր Կապերը, Եւ Անգարան Մտահոգուելու Պատճառ Չուն -

​Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պահպանէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Իր Կապերը, Եւ Անգարան Մտահոգուելու Պատճառ Չուն ​Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պահպանէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Իր Կապերը, Եւ Անգարան Մտահոգուելու Պատճառ Չունի»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Փեքինի մէջ «Մէկ գօտի` մէկ ուղի» խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ քիւրտերը կը նկատենք ուժեղ գործօն մը, որ իրողապէս կ՛ազդէ կացութեան վրայ, եւ կը յուսանք, որ մեր կեցուածքը Անգարայի մտահոգութիւն չպատճառէ»:

Փութին շեշտեց, որ Ռուսիան պիտի պահպանէ Սուրիոյ քիւրտերուն հետ իր կապերը, եւ Անգարան մտահոգուելու պատճառ չունի: Ան նշեց, թէ Սուրիոյ մէջ անկարելի է քաղաքական լուծումի հասնիլ առանց զինադադարի ամրապնդման:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ կատարուած հրթիռի վերջին փորձարկման` նշելով, որ այդ փորձարկումները մերժելի են, սակայն պէտք է վերադառնալ Փիոնկեանկի հետ բանակցութիւններուն: Ան շեշտեց, որ վարչաձեւերը փոխելու ջանքերը միջազգային օրէնքի ոտնահարում են եւ զինարշաւը կը հրահրեն:

Փութին նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքական մրցակցութիւնը միջազգային քաղաքականութեան ու տնտեսութեան մէջ լարուածութիւն կը ստեղծէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+