Պրիւքսէլի Քաղաքապետը Պիտի Արգիլէ Էրտողանի Կողմնակիցներուն Հաւաքները -
Պրիւքսէլի Քաղաքապետը Պիտի Արգիլէ Էրտողանի Կողմնակիցներուն Հաւաքները
Պրիւքսէլի քաղաքապետ Իվան Մայերը յայտարարած է, որ քաղաքին մէջ պիտի արգիլէ որեւէ հաւաք կամ գործողութիւն` յաջակցութիւն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի:
Վկայակոչելով Diken-ը՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ քաղաքապետի յայտարարութիւնը յաջորդած է ԶԼՄ-ներու մէջ յայտնուած այն տեղեկութեան, որ Էրտողանը ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով Պրիւքսէլ պիտի ժամանէ 12-14 ժամ շուտ:
Մայեր յայտնած է, որ վճռական է իր այս որոշման հարցով: «Թրքական իշխանութիւններուն ալ պաշտօնապէս տեղեակ պիտի պահեմ: Էրտողանի կողմէ Պրիւքսէլի մէջ իրեն համար փոքրիկ տօնախմբութեան կազմակերպման մասին խօսք չի կրնարըլլալ»,- ըսած է ան:
Քաղաքապետը նշած է, որ ինքը մտավախութիւն ունի, թէ Էրտողանի կողմնակիցները եւ ընդդիմադիրները կրնան բախում ունենալ: «Նախապէս ալ Էրտողանի համար սրահ չեմ տրամադրած, հիմա ալ պիտի չտրամադրեմ»,- յայտարարած է Մայերը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com