«Ռուսիան Կրնայ Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դեր Կատարել» Կ՛ըսէ Պոկտանով -
«Ռուսիան Կրնայ Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դեր Կատարել» Կ՛ըսէ Պոկտանով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ Մոսկուա կրնայ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանի միջեւ միջնորդի դեր կատարել` նշելով, որ ատիկա դժուար գործ է, սակայն այլընտրանքը չկայ:
Պոկտանով յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին գործելաոճը «գաղափարաբանութիւն չի պարունակեր», եւ «Թրամփ գործնապաշտ անձ մըն է եւ կը սիրէ շօշափելի արդիւնքները»:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութեան, ան ըսաւ, որ «Սուրիա գերիշխան երկիր է, ունի ղեկավարութիւն, ուստի ի հարկէ պէտք է անոր հետ խորհրդակցիլ թոյլտուութիւն ստանալու համար»` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու հաստատման մանրամասնութիւններու քննարկումներուն Ամերիկայի եւ Յորդանանի մասնակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է»:
Պոկտանով շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները արմատախիլ ընելէ ետք հաւանականօրէն ստեղծուելիք տեղական խորհուրդները պէտք չէ օրինական իշխանութեան այլընտրանքը ըլլան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու սահմանագծումը պիտի կատարուի աշխատանքային խմբակի մը կողմէ, որ ստեղծուեցաւ Ասթանայի բանակցութիւններէն ետք:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com