​«Միջին Արեւելքի Մէջ Առանց Մեզի Հետ Խորհրդակցելու Որոշում Կայացնողները Սուղ Գին Պիտի Վճարեն» Կ՛ըսէ Է - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

12 Mayıs 2017  

​«Միջին Արեւելքի Մէջ Առանց Մեզի Հետ Խորհրդակցելու Որոշում Կայացնողները Սուղ Գին Պիտի Վճարեն» Կ՛ըսէ Է -

​«Միջին Արեւելքի Մէջ Առանց Մեզի Հետ Խորհրդակցելու Որոշում Կայացնողները Սուղ Գին Պիտի Վճարեն» Կ՛ըսէ Է ​«Միջին Արեւելքի Մէջ Առանց Մեզի Հետ Խորհրդակցելու Որոշում Կայացնողները Սուղ Գին Պիտի Վճարեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ առանց Թուրքիոյ հետ խորհրդակցելու ոչ ոք կրնայ ձեռնարկել քայլերու, աւելի՛ն` այդպէս վարուողները պէտք է այդ բոլորին համար ծանր գին վճարեն:

Թրքական «Թ24» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան, խօսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն զէնք մատակարարելու որոշումին մասին, շեշտած է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ իրենց ռազմավարական դաշնակից երկրի այդպիսի քայլերը անընդունելի են:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, որ այդ առումով մեծ սպասումներ ունի 16 մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ ունենալիք իր հանդիպումէն:

Նախապէս Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էր «ետդարձ կատարելու իր բռնած սխալ ուղիէն» եւ նշած, որ այն համոզումը, թէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ միայն քիւրտ զինեալներուն հետ համագործակցելու պարագային, իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած էր նախագահ Թրամփին` իրենց ուժերուն զէնք տրամադրելու մասին որոշումի ստորագրման համար:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքը երէկ յայտարարեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները շուտով պիտի սկսին քիւրտերու զէնքի մատակարարումը:

Նշեալ ուժերու հրամանատարութեան մէկ բանբերը երէկ պահանջեց քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պաշտպանել Թուրքիայէն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+