​Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն, Իսկ Անգարա Կը Դատապարտէ Թրամփի Որոշումը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

11 Mayıs 2017  

​Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն, Իսկ Անգարա Կը Դատապարտէ Թրամփի Որոշումը -

​Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն, Իսկ Անգարա Կը Դատապարտէ Թրամփի Որոշումը ​Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն, Իսկ Անգարա Կը Դատապարտէ Թրամփի Որոշումը

Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` քրտական ուժերուն զէնք տրամադրելու որոշումի ստորագրման համար:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռետուր Խալիլ ամերիկեան այս որոշումը որակած է պատմական` ընդգծելով, որ այսուհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իրենց պայքարը պիտի ըլլայ զգալիօրէն աւելի ուժեղ եւ արդիւնաւէտ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն յանձնուած իւրաքանչիւր զէնք Թուրքիոյ համար վտանգ կը ներկայացնէ: Ան նշեց, որ նշեալ ջոկատները ՔԱԿ-էն որեւէ տարբերութիւն չունին, եւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ ծանօթ են այդ իրողութեան:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուրեթթին Ճանիքլի իր կարգին յայտնեց, որ Անգարա ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցին կողմէ նշեալ խմբաւորումին տրամադրուած աջակցութիւնը չի կրնար ընդունիլ:

«Չենք կրնար հանդուրժել ներկայութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, որոնք կրնան վտանգել թրքական պետութեան ապագան: Կը յուսանք, որ ամերիկեան վարչակազմը այս սխալին վերջ կու տայ եւ անկէ ետդարձ կը կատարէ: Այդպիսի քաղաքականութիւն մը օգտաշատ պիտի չըլլայ, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ նոյն պարկին մէջ չէք կրնար ըլլալ», աւելցուց ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+