​Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Գրաւեց «Պելկէ» Հրատարակչատունը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

10 Mayıs 2017  

​Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Գրաւեց «Պելկէ» Հրատարակչատունը -

​Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Գրաւեց «Պելկէ» Հրատարակչատունը ​Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Գրաւեց «Պելկէ» Հրատարակչատունը

Թուրքիոյ ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը Մայիս 7-ի երեկոյեան ներխուժած են հանրածանօթ «Պելկէ» հրատարակչութեան գրասենեակը եւ գրաւած աւելի քան երկու հազար գիրք:

Ըստ Armradio.am-ի՝ հրատարակչատան հիմնադիր եւ տնօրէն, թուրք պատմաբան, եւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքոլու հաստատած է այս տեղեկութիւնը, յայտնելով թէ, գիրքերուն գրաւման մասին դատական որոշում գոյութիւն չէ ունեցած, եւ ոստիկաններու գործողութիւնը անօրինական է:

«Պելկէ» հրատարակչատունը Թուրքիոյ մէջ առաջիններէն էր, որ 1990-ական թուականներու սկիզբը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան: «Պելկէ» հրատարակչատան կը պատկանին «Յուշամատեան Ապրիլ 24-ի», «Հայոց ցեղասպանութիւն» եւ հայկական հարցին նուիրուած տասնեակ մը այլ գիրքեր:

«Պելկէ» հրատարակչատունը պարբերաբար ենթարկուած է յարձակումներու եւ մերթ ընդ մերթ ստիպուած եղած է դադրեցնել աշխատանքը:

Զարաքոլուի այս հրատարակչատունը, շուրջ քառասուն տարի չհրաժարելով իր ընդդիմադիր հայեացքներէն, գործած է Թուրքիոյ մէջ եւ զբաղած բազմաթիւ օտարալեզու պատմագիտական գիրքերու թրքերէն թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ հրատարակելով թրքերէն հեղինակային գիրքեր, որոնք լոյս սփռած են Թուրքիոյ այլընտրանքային, պաշտօնական պատմագրութենէն դուրս մնացած անցեալի վրայ:





Bu haber Yerakouyn kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Yerakouyn) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Yerakouyn). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+