Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յոյն Մելքիթ եկեղեցւոյ` գերերջ. Լահհամ Գ Պատրիարքին հրաժարականը -
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յոյն Մելքիթ եկեղեցւոյ` գերերջ. Լահհամ Գ Պատրիարքին հրաժարականը
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, 6 մայիս 2017 թուակիր նամակով մը, ընդունեց Յոյն Մելքիթներու ՝գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամ Պատրիարքի ներկայացուցած ՝հրաժարականը։
Սրբազան Հայրը, հիմնուելով եկեղեցական օրէնքներուն վրայ, Յոյն Մելքիթներու եկեղեցւոյ կառավարիչ նշանակեց Հալէպի թեմի Յոյն Մելքիթներուն առաջնորդ՝ Արքեպիսկոպոս Ժան Քլեման Ժամպարթ, մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւն ։
Ֆրանչիսկոս Պապ Յոյն Մելքիթներու գերերջանիկ Կրեկորիօ Գ Լահհամ Պատրիարքի յղած նամակին մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Պատրիարքին, Աստուծոյ ժողովուրդին մատուցած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ հովուական մեծ պատասխանատուութեան համար։ Սրբազան Հայրը գրեց թէ , Մելքիթներու պատրիարքին կողմէ՝ հրաժարականի նամակը ստանալէ վերջ , երկար ժամանակ անոր մասին խոկալէ ետք, հնարաւոր եւ կարեւոր նկատած է ընդունիլ պատրիարքի հրաժարականը , Յոյն Մելքիթներու եկեղեցւոյ բարիքին համար։
Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա շնորհակալութիւն յայտնած է Մելքիթներու Լահհամ Գ Պատրիարքին՝ Աստուծոյ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ ի սպաս երկար տարիներուն վեհանձն ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ միջազգային հասարակութեան ուշադրութիւնը ՝ Սուրիոյ տագնապին վրայ հրաւիրած ըլլալուն համար, հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը Մելքիթներու Յոյն եկեղեցւոյ համար, Սրբազան Քահանայապետը որպէս շնորհքի եւ քաջալերանքի նշան, բոլորին շնորհած է իր առաքելական օրհնութիւնները։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com