«Եւրոտեսիլ-2017»ին8 Մայիսի 2017 -
«Եւրոտեսիլ-2017»ին8 Մայիսի 2017
Քիեւի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ-2017» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Արծուիկ ելոյթ պիտի ունենայ Մայիս 9ին` առաջին կիսաեզրափակիչի ընթացքին իր «Fly with me» երգով: Ընդհանուր առմամբ, «Եւրոտեսիլ-2017»ին կը մասնակցի 43 պետութիւն։ Յաղթողը պիտի որոշուի Մայիս 13ին կայանալիք եզրափակիչ փուլին: «Քանի որ այս տարուան մրցոյթին կանոնները փոխուած են եւ մրցոյթին մասնակցողները ձայներու 50 տոկոսը պիտի ստանան հանդիսատեսի քուէարկուենէն, ակնյայտ է, որ Հայաստանը ներկայացնող տաղանդաւոր երգչուհիին յաղթանակին համար շատ բան կախուած է բոլորէս:
Հետեւաբար` կը դիմենք յատկապէս Եւրոպայի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն եւ կը խնդրենք հետեւիլ մրցոյթին եւ քուէարկել մեր երգչուհիի օգտին»,- կը նշուի «Առաջին Ալիք»ի լրատուական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com