Թուրքիան Վերածուած է Կոտորածներու Երկրի․Թուրք Գործիչ -
Թուրքիան Վերածուած է Կոտորածներու Երկրի․Թուրք Գործիչ
Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու հանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) փոխնախագահ Վելի Աղպապա քննադատած է իշխող կուսակցութեան սուրիական քաղաքականութիւնը: «CNN Türk»-ի-ի համաձայն` Աղպապան մասնաւորապէս անդրադարձած է 2015-ի Յուլիս 20-ին Շանլըուրֆայի Սուրուճ քաղաքին մէջ մահապարտի մը կողմէ իրականացուած ահաբեկչութեան, որուն զոհ գացած էր 33 քաղաքացի:
Ընդդիմադիր փոխկուսակցապետը այդ դէպքին համար մեղադրած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ):
«Սուրուճի դէպքը Սուրիոյ հարցով ԱԶԿ-ի վարած սխալ քաղաքականութեան հետեւանքն է: Թուրքիան, ցաւօք, ԱԶԿ-ի սխալ քաղաքականութեան պատճառով վերածուած է կոտորածներու երկրի:
“Ցաւօք, ադ քաղաքականութեան հետեւանքով դարձած է իսկական մերձաւորարեւելեան երկիր: Իսկ ըլլալ մերձաւորարեւելեան երկիր, կը նշանակէ ըլլալ երկիր մը, ուր աղանդներու պատերազմ կ՛ընթանայ, ուր արիւն ու արցունք կը հոսի: Անգարան, Սթամպուլը, Շանլըուրֆան, Կազիանթեփը արդէն ոչնչով կը տարբերին Աֆղանիստանի Քապուլէն կամ Իրաքի Պաղտատէն»,- «Էրմէնի հապեր»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Աղպապա:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com