​Թրքական Բանակը Կը Պատրաստուի Մուտք Գործել Իտլիպ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

08 Mayıs 2017  

​Թրքական Բանակը Կը Պատրաստուի Մուտք Գործել Իտլիպ -

​Թրքական Բանակը Կը Պատրաստուի Մուտք Գործել Իտլիպ ​Թրքական Բանակը Կը Պատրաստուի Մուտք Գործել Իտլիպ

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգէն գործիչներ յայտնած են, որ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները ուրբաթ օր Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հաթայի (Ալեքսանտրեթ) շրջանի նահանգապետէն ստացած են նամակ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ թրքական բանակը կը պատրաստուի մուտք գործել Իտլիպ` Լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան համաձայնութեան ծիրին մէջ «անվտանգութիւն» հաստատելու համար:

Թուրք յատուկ պատուիրակի մը ճամբով փոխանցուած նամակը բովանդակած է զգուշացում, որ թրքական բանակին դիմադրութիւն չցուցաբերուի եւ հարցը «բռնագրաւում» չնկատուի, այլ նկատի առնուի անվտանգութեան պարտադրման ծրագիրին ծիրին մէջ:

«Թրքական ուժերը, իբրեւ առաջին քայլ, ժամանակաւորապէս իրենց զրահապատ եւ այլ մեքենաներով, հետեւակ ուժերով պիտի տարածուին սահմանամերձ գիւղերուն մէջ, եւ շրջանին վերեւ սուրիական ու ռուսական պատերազմական օդանաւերու թռիչքները ամբողջովին բացառուած պիտի ըլլան»:

Նամակը նաեւ հաղորդած է, որ շրջան մուտք պիտի գործեն նաեւ ենթակառոյցներու նորոգման խմբակներ, որոնք պիտի սկսին ջուրի եւ ելեկտրականութեան ցանցերու, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցներու վերանորոգութեան աշխատանքի:

Նամակը աւելցուցած է, որ թրքական ուժերը Իտլիպի մէջ պիտի չհարուածեն Ժապհաթ Նուսրան, եւ անոր գոյութեան հարցը պիտի լուծուի դիւանագիտութեան ճամբով` Ժապհաթ Նուսրան իր կեդրոնները պիտի յանձնէ թրքական բանակին եւ հեռանայ շրջանէն:

Ըստ գործիչներուն, թրքական կողմը նպատակ ունի Իտլիպ, Ժիսր Շուղուր եւ Հարեմ շրջաններուն մէջ ստեղծել երեք ռազմակայաններ, քայլ մը, որ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման համաձայնութեան մէջ չէ նշուած:

Նշենք, որ Հաթայի նահանգապետարանը երէկ հերքեց, թէ նահանգապետը այդպիսի նամակ մը յղած է:

Յիշեցնենք, որ Լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման համաձայնութեան գործադրութիւնը սկսաւ ուրբաթ-շաբաթ կէս գիշերին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+