Էմանուէլ Մաքրոն` Ֆրանսայի Նախագահ -
Էմանուէլ Մաքրոն` Ֆրանսայի Նախագահ
Ֆրանսացի քուէարկողները երէկ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` ընտրելու համար իրենց երկրին յաջորդ նախագահը: Ամբողջ Եւրոպան ուշադրութեամբ հետեւեցաւ ընտրութեան, որովհետեւ անոր արդիւնքը կրնայ ազդել Եւրոպական Միութեան ապագային վրայ:
Աւելի քան 50.000 ոստիկաններ հսկեցին ընտրութեան անվտանգութեան: Մաքրոնի յաղթանակին պարագային տօնախմբութեան վայր ճշդուած Լուվրի շրջանէն քաղաքացիները կարճ ժամանակ մը տարհանուեցան, երբ վայրին մէջ կասկածելի պայուսակ մը յայտնաբերուեցաւ: Նախքան այդ, ֆրանսական ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, որ կը փնտռէ երեք կասկածելիներ, որոնք շատ հաւանաբար մտադիր էին ահաբեկչական յարձակում գործել ընտրութեան ընթացքին:
Երկու թեկնածուները կիրակի օր կը գտնուէին երկրին հիւսիսը: Մաքրոն քուէարկեց Լը Թուքէյի մէջ` իր տան մօտ, իսկ Լը Փեն` Ազգային ճակատ կուսակցութեան ամրոց նկատուող Հենան-Պոմոնի մէջ: Երկու մրցակիցները աւելի ուշ վերադարձան Փարիզ:
Կեդրոն¬աջ «Յառաջ» շարժումի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն քուէներուն 66,1 առ հարիւրը ապահովելով ընտրուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ: Անոր մրցակիցը` ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն ապահովեց քուէներուն 33,9 առ հարիւրը:
Մասնակցութեան համեմատութիւնը 74,1 առ հարիւր էր:
39 տարեկան Մաքրոն Ֆրանսայի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ նախագահն է:
Ֆրանսայի վարչապետ Պեռնար Քազանէով յայտարարեց, որ ֆրանսացի ժողովուրդը Եւրոպայի սրտին մէջ մնալ ընտրեց: Գերմանական կառավարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Մաքրոնի յաղթանակով Ֆրանսան պիտի մնայ Եւրոպայի սրտին մէջ: Փարիզի մեծ մզկիթի իմամը յայտնեց, որ Մաքրոնի յաղթանակը Ֆրանսայի իսլամներուն յոյս կը ներշնչէ:
Մաքրոն իր յաղթանակէն ետք առաջին յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Յոյսի եւ վերականգնուած վստահութեան նոր էջ մը կը բանանք»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com