Ռայի Պատրիարքը Պապը Լիբանան Հրաւիրեց -
Ռայի Պատրիարքը Պապը Լիբանան Հրաւիրեց
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարք Պապին յանձնեց Լիբանան այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ամբողջական տեղեկագիր մը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` Եգիպտոս կատարած այցելութեան առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին պապը շեշտեց, որ ինք մօտիկ կը զգայ արաբ ժողովուրդին, որ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հարցեր, տագնապներ եւ բռնարարքներ` արտայայտելով իր զօրակցութիւնը բոլոր տանջուածներուն, անիրաւուածներուն եւ գաղթականներուն:
Ան յոյս յայտնեց, որ խաղաղութիւն տիրէ Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր կարգին լիբանանեան պետութեան կողմէ Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը յանձնած էր պապին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com