​Թիլըրսընի Եւ Չաւուշօղլուի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Լարուած Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

05 Mayıs 2017  

​Թիլըրսընի Եւ Չաւուշօղլուի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Լարուած Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը -

​Թիլըրսընի Եւ Չաւուշօղլուի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Լարուած Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը ​Թիլըրսընի Եւ Չաւուշօղլուի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Լարուած Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին բաւական լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:

Յիշեցնենք, որ 25 ապրիլին թրքական օդուժը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն դէմ գործած էր յարձակումներ, որոնց պատճառով սպաննուած էին քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու 18 զինեալներ:

Կայքը` յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներու, կը գրէ, որ կողմերը չեն կրցած Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերու վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնել:

Նախապէս քրտական ուժերու հրամանատարութիւնը Միացեալ Նահանգներէն պահանջած էր յստակ քայլերու ձեռնարկել Թուրքիոյ օդային յարձակումները կանխարգիլելու համար:

Թրքական կայքը կը նշէ, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թիլըրսըն չէ փորձած զսպել իր զայրոյթը եւ բաւական խիստ եղած է, իսկ Չաւուշօղլու չէ կրցած շատ բան ըսել:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդականներէն Իլնուր Չեւիք սպառնացած էր, որ թրքական զինեալ ուժերը անհրաժեշտութեան պարագային կրնան նաեւ հարուածել Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+