Պետրոս Շիրինօղլու Պիտի Հանդիպի Էրտողանի Հետ -
Պետրոս Շիրինօղլու Պիտի Հանդիպի Էրտողանի Հետ
Պետրոս Շիրինօղլու] Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, որ յառաջիկայ շաբաթուան մէջ կը ծրագրէ հանդիպիլ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ը:
«Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 24-ին հրապարակած ուղերձին մէջ յայտնեց, որ տեղեակ է մեր համայնքի պատրիարքի հարցին: Անոր հետ առաջին հանդիպման ժամանակ ինծի խօսք տուաւ խնդիրով զբաղիլ հանրաքուէէն ետք: Յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին, եթէ որեւէ բան չպատահի, կը ծրագրեմ հանդիպել անոր հետ: Կը կարծեմ, որ համայնքի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը` պատրիարքի ընտրութեան հարցը, կարճ ժամանակի մէջ պիտի լուծենք: Պէտք է զգուշ ըլլանք, ի վերջոյ այս ընտրութիւնները պիտի ըլլան»,- ըսած է Շիրինօղլու:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com