Թուրքիա Լրագրողներու Համար Դարձած է Իրական Դժոխք -
Թուրքիա Լրագրողներու Համար Դարձած է Իրական Դժոխք
1993-ի Մայիս 3-ին ՄԱԿ-ի կողմէ այդ օրը յայտարարուեցաւ իբրեւ մամուլի ազատութեան միջազգային օր: Այս առթիւ թրքական «Birgün» թերթի կայքը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մամուլի ազատութեան վիճակին:
Ըստ «Արմենի հապեր»-ի՝ վերջին մէկ տարուան արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ ընդունուած, օրէնքի ուժ ունեցող որոշումներու ծիրէն ներս Թուրքիոյ մէջ դադրեցուած է հարիւրաւոր հրատարակութիւններու գործունէութիւնը: Տարբեր աղբիւրներու հրապարակած տուեալներուն համաձայն` Թուրքիոյ մէջ այժմ անազատութեան մէջ կը գտնուի 159-էն մինչեւ 168 լրագրող:
Մամուլի ազատութեան օրուան առիթով թրքական թերթին հարցազրոյց տուած տարբեր թրքական իրաւապաշտպան կառոյցներու եւ լրագրողական միութիւններու ղեկավարներ դատապարտած են երկրին մէջ մամուլի եւ լրագրողներու նկատմամբ գործադրուող ճնշումներն ու բռնութիւնները` նշելով, որ Թուրքիան վերածուած է բացօթեայ բանտի:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու հանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) պատգամաւոր Պարըշ Եարքադաշը հետեւեալ մեկնաբանութիւնը ըրած.
«Թուրքիան լրագրողներու համար դարձած է իրական դժոխք: Անոնց ազատութիւնները լիովին զերոյի հաւասարեցուած են: Լրագրողները նոյնիսկ չեն կրնար շնչել:
Հարիւրաւոր լրագրողներ ամիսներ շարունակ փակուած են բանտերու մէջ, իսկ անոնց շատերուն վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւնները դեռե չեն կազմուած»:
Եարքադաշ յիշեցուցած է, որ անազատութեան մէջ կը գտնուի նաեւ « «Birgün» թերթի թղթակիցներէն մէկը, որուն վերաբերեալ ոչ առաջադրուած մեղադրանքը դեռ յայտնի է, ոչ ալ մեղադրական եզրակացութիւնը» պատրաստ է:
Աւելցնենք նաեւ, որ օրեր առաջ «Freedom House»-ի կողմէ հրապարակուած մամուլի ազատութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ Թուրքիան կը զբաղեցնէր 163-րդ տեղը` ընդգրկուելով անազատ մամուլ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com