Մոսկուայի Եւ Անգարայի Միջեւ «Յարաբերութիւնները Վերականգնած Են -
Մոսկուայի Եւ Անգարայի Միջեւ «Յարաբերութիւնները Վերականգնած Են
Երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Փութին-Էրտողան հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, թէ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնած են ճգնաժամէ մը ետք:
Նշենք, թէ նախագահներու մակարդակով տեղի ունեցած հանդիպումը այս տարուան մէջ երկրորդն է: Հանդիպումը նախօրօք ծրագրուած չէր եւ տեղի ունեցած է ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Փութին-Էրտողան հանդիպումին քննարկուած են Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ յատուկ գօտի ստեղծելու հարցը: Նշեալ հարցի քննարկումին մասին մանրամասնութիւններ չկան:
Երկու նախագահները յայտարարած են, որ Սուրիոյ տագնապը պէտք է լուծել դիւանագիտական միջոցներով:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com