Իրան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Օդային Յարձակումները -
Իրան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Օդային Յարձակումները
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի քննադատած է Թուրքիան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անոր կատարած օդային յարձակումներուն համար:
Ան Թուրքիոյ կոչ ուղղած է անմիջապէս դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած Իրաքի եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ, եւ որոնք կը խախտեն միջազգային չափանիշերը:
Անդրադառնալով իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ անկախութեան հանրաքուէի կարելիութեան` Քասեմի նշած է, որ Իրան կ՛աջակցի Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան, եւ Իրաքի քիւրտերը եւս ըստ սահմանադրութեան, իրաւունք չունին ընդդիմանալու այդ երկրի տարածքային ամբողջականութեան:
Թրքական օդուժը օրեր առաջ օդային յարձակումներ կատարած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, այդ յարձակումներուն պատճառով ալ սպաննուած էին Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու 18 եւ Իրաքի մէջ 8 քիւրտ զինեալներ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com