​«Թուրքիա Քրտական Խմբաւորումներուն Պիտի Չարտօնէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իրենց Նպատակները Իրագործել» Կ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

03 Mayıs 2017  

​«Թուրքիա Քրտական Խմբաւորումներուն Պիտի Չարտօնէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իրենց Նպատակները Իրագործել» Կ -

​«Թուրքիա Քրտական Խմբաւորումներուն Պիտի Չարտօնէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իրենց Նպատակները Իրագործել» Կ ​«Թուրքիա Քրտական Խմբաւորումներուն Պիտի Չարտօնէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իրենց Նպատակները Իրագործել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց, որ «Թուրքիա քրտական խմբաւորումներուն պիտի չարտօնէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իրենց նպատակները իրագործել»` նշելով, որ Մընպեժի եւ Ռաքքայի դէմ զինուորական հաւանական գործողութիւններուն հարցը այսօր պիտի քննարկէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ան յոյս յայտնեց, որ այսօր Մոսկուայի մէջ Փութինի հետ հանդիպումը ունենայ դրական արդիւնք եւ իրենք սկսին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անվտանգութեան ու խաղաղութեան հաստատման համար առաջին քայլերը:

«Եւրոպան տարբեր տեսակի աջակցութիւն կը տրամադրէ Կիւլենի շարժումին եւ ՔԱԿ ահաբեկչական կազմակերութեան, ճամբան փակելու համար Թուրքիոյ, որ հետզհետէ կը զօրանայ», ըսաւ Էրտողան` յայտարարելով. «Թուրքիա ցտեսութիւն պիտի մաղթէ Եւրոպական Միութեան, եթէ իրեն հետ բանակցութեան նոր գլուխներ չբանայ»:

«ՕԹԱՆ մօտ օրէն վեհաժողով մը պիտի գումարէ եւ Թուրքիայէն պիտի պահանջէ ջնջել արտակարգ դրութիւնը: Անոնց կ՛ըսեմ` նախ եւ առաջ դուք ձեզի ուշադրութիւն դարձուցէք. ինչո՞ւ զայն չէք ջնջեր Ֆրանսայի մէջ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

Միւս կողմէ, քրտական «Ռուտաու» կայքը հաղորդեց, որ Ռաքքայէն քիչ մը դէպի արեւմուտք գտնուող Թապքա քաղաքը ամբողջովին ազատագրուած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն:

Կայքը նշեց, որ Եփրատի ափին գտնուող Թապքան ռազմավարական նշանակութիւն ունի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող բոլոր ուժերուն համար:

Ռաքքայէն 40 քմ, իսկ Հալէպէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքը նախքան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուիլը ունէր 80.000 բնակչութիւն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+