​Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

03 Mayıs 2017  

​Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն -

​Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն ​Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Տանըլտ Թրամփ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ երկու կողմերը կեդրոնացած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ծիրին մէջ ռուս¬ամերիկեան համակարգուած քայլերու հեռանկարին վրայ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու ղեկավարները համաձայնած են «զինադադարի դրութիւնը ամրապնդելու, զայն աւելի կայուն դարձնելու եւ վերահսկողութեան տակ առնելու ընտրանքներու որոնման համար աշխուժացնելու երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ երկխօսութիւնը»:

Ըստ «Սփութնիք»¬ի, Քրեմլին հաղորդած է. «Նպատակը Սուրիոյ մէջ լուծման իսկական հոլովոյթի մը ընթացք տալն է: Ատիկա կը նշանակէ, թէ ռուս եւ ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարները ղեկավարներուն անմիջապէս պիտի տեղեկացնեն այդ ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջդիմութեան մասին»:

Ըստ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, երկու նախագահները համաձայնած են 7-8 յուլիսին Համպուրկի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունենալ: Անոնք նաեւ զօրակցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները շարունակելու գաղափարին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+