Սպանիոյ Վիլենա Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցած Եւ Դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը -
Սպանիոյ Վիլենա Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցած Եւ Դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Սպանիոյի Վիլենա (Villena) քաղաքը ընդունած է օրինական յայտարարութիւն, որով պաշտօնապէս կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, Վիլենայի քաղաքային խորհուրդին կողմէ ընդունած յայտարարութեան մէջ տեղի ունեցածը կը բնորոշուի իբրեւ Ցեղասպանութիւն եւ յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ: Կարեւոր կը համարուի նման, վաղեմութեան ժամկէտ չունեցող, յանցագործութիւններու դատապարտումը` նմանատիպ նորերը բացառելու համար:
Հարկ է նշել, որ քուէարկութեան նախորդած էին ճնշման փորձեր թրքական կողմէն, որուն արդիւնքով Ժողովրդական եւ ընկերվարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վերջին պահուն փոխած էին իրենց դիրքորոշումները, ինչ որ սակայն որոշիչ չէ եղած քուէարկութեան արդիւնքներուն համար եւ Վիյենան համալրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած սպանական շուրջ երեք տասնեակ քաղաքներու ցանկը:
Քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները հետեւեալն են` Կանաչներ Եւրոպա (Los Verdes Europa)` կողմ, 11 ձայն: Ժողովրդական կուսակցութիւն (PP)` դէմ, 7 ձայն: Ընկերվարական կուսակցութիւն(PSOE)` ձեռնպահ, 3 ձայն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com