​«Թուրքիան Իր Քայլերով Վտանգեց Ամերիկացի Զինուորներուն Կեանքը» Ըսաւ Թոնըր - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

30 Nisan 2017  

​«Թուրքիան Իր Քայլերով Վտանգեց Ամերիկացի Զինուորներուն Կեանքը» Ըսաւ Թոնըր -

​«Թուրքիան Իր Քայլերով Վտանգեց Ամերիկացի Զինուորներուն Կեանքը» Ըսաւ Թոնըր ​«Թուրքիան Իր Քայլերով Վտանգեց Ամերիկացի Զինուորներուն Կեանքը» Ըսաւ Թոնըր

«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր` քննադատելով թրքական բանակին կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքներուն դէմ կատարուած օդային հարուածները, նշած է, թէ Թուրքիան իր այդ քայլերով վտանգած է նաեւ ամերիկացի զինուորներուն կեանքերը:

«Բացի անկէ, որ անոնք իրենց գործողութիւնները չեն համակարգած տարածքին մէջ գտնուող դաշնակից ուժերուն հետ, անոնք փաստացիօրէն նաեւ վտանգած են այնտեղ գտնուող ամերիկացի զինուորներու կեանքը», ըսած է Թոնըր:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իրենք ըմբռնումով կը մօտենան Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործունէութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ունեցած մտահոգութիւններուն ու ատոր դէմ Թուրքիոյ ծաւալած պայքարին, սակայն իւրաքանչիւր քայլ պէտք է համաձայնեցուած ու համակարգուած ըլլայ դաշնակից ուժերուն հետ:

Օրեր առաջ թրքական օդուժը հարուածած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանները, այս պատճառով ալ Սուրիոյ տարածքին մահացած էր քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու 18 զինեալ, իսկ Իրաքի մէջ` 8 քիւրտ զինեալ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+