Պահչելի. «Շատ Սուղ Պիտի Վճարեն». «Շատ Պիտի Զղջան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու -
Պահչելի. «Շատ Սուղ Պիտի Վճարեն». «Շատ Պիտի Զղջան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքական հսկողութեան վերսկսման որոշումէն ետք քննադատելով ԵԽԽՎ-ն յայտարարած է, որ Եւրոպական միութիւնը երկակի խաղ կը խաղայ:
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու ըսած է. «Անոնք չեն ուզեր թոյլ տալ, որ մուտք գործենք, սակայն նոյն ատեն չեն ալ ուզեր մեզմէ հեռանալ: Անոնք տակաւին շատ պիտի զղջան»:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ԵԽԽՎ-ն որդեգրած էր Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական կառոյցներու գործունէութեան հսկողութեան վերաբերեալ որոշում մը, որ որդեգրուած է Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին մարդու իրաւունքներու, մամլոյ ազատութեան, օրէնքի գերակայութեան մարզին մէջ արձանագրուած լուրջ յետընթացի լոյսին տակ:
Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի իր կարգին սպառնացած է ԵԽԽՎ-ին:
«ԵԽԽՎ-ն տակաւին շատ սուղ պիտի վճարէ ատոր համար», յայտարարած է ան` նշելով, որ Թուրքիոյ դէմ տրուած որոշումը անհիմն է եւ անարդար:
Ան նաեւ շեշտած է, որ իրենց կուսակցութիւնը ամբողջովին պատրաստ է աջակցելու իշխանութիւններուն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ ձեռնարկուելիք բոլոր քայլերու հարցին մէջ:
Նշենք, որ ԵԽԽՎ-ի որոշումէն ետք Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու անդամ երեսփոխանները որոշած են չներկայանալ ԵԽԽՎ-ի նիստերուն:
Էրտողան. «Թուրքիան Պիտի Չճանչնայ Եւրոպական
Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Որոշումը»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իրենք պիտի չճանչնան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ Թուրքիան հսկողութեան տակ առնելու որոշումը:
Էրտողան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին քննադատած է այն երկիրները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն վերջ տալու Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն: «Այնքան ատեն, որ Եւրոպան անկեղծ կ՛ըլլայ, Թուրքիան հաւատարիմ պիտի մնայ բանակցային հոլովոյթին եւ ի տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան` ոչ մէկու երեսին դուռը պիտի փակէ», ըսած է ան:
«Եթէ անոնք արդար չգործեն, մենք ստիպուած այլ ելք պիտի փնտռենք: Ինչո՞ւ պէտք է նորէն սպասենք: Խօսքը կը վերաբերի 54 տարիներու մասին», յայտարարած է Էրտողան` աւելցնելով, որ պատրաստ է իր երկրի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը դնելու հանրաքուէի, ինչպէս ատիկա կատարեց օրինակ Բրիտանիան:
«Եւրոպական Միութեան անհրաժեշտ է այնպիսի երկիր, ինչպիսին Թուրքիան է, որ միութիւնը շատ ուժեղ պիտի դարձնէ: Սակայն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները չեն գիտակցիր ատոր: Անոնց համար շատ դժուար է ընդունիլ մահմետական երկիր», եզրափակած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ սահմանադրական հանրաքուէին` ըսելով, որ Սահմանադրական դատարանը եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը իրաւունք չունին գնահատական տալու հանրաքուէի արդիւնքներուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com