Էրտողանը Նոր Էնվէր Փաշայ է. Քիւրտ Քաղաքական Գործիչ -
Էրտողանը Նոր Էնվէր Փաշայ է. Քիւրտ Քաղաքական Գործիչ
Տիարպեքիրի մէջ 2007-ին հիմնուած «ժողովրդավարական հասարակութիւն քոնկրէս»-ի (ԺՀՔ-DTK) համանախագահ, քաղաքական գործիչ Հաթիփ Տիճլէն քիւրտերու դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայ գործողութիւնները նմանցուցած է հայերու դէմ 100 տարի առաջ երիտթուրքերու վարած քաղաքականութեան հետ:
Վկայակոչելով թրքական «Gazetekarinca» լրատուամիջոցը` Ermenihaber.am կը նշէ, թէ այդ մասին Տիճլէն ըսած է Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Թուրքիոյ ընթացքը. նախագահական համակարգի ճնգնաժամը» խորագիրով խորհրդաժողովին ժամանակ:
Խօսելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` երկրի մէջ վարած քաղաքականութեան մասին, ըսած է.
«Էրտողանը նոր Էնվէր փաշայ մըն է: Ան կը վերաստեղծ է «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» կուսակցութեան անդամներուն երազանքը»:
Քիւրտ քաղաքական գործիչը պատահականութիւն չէ համարած, որ Թուրքիան Ապրիլ 24-ին ռազմական գործողութիւն իրականացուց Սուրիոյ Ռոժաւա քաղաքի եւ Իրաքի Շէնկալ շրջանի ուղղութեամբ, որոնք մեծ մասամբ քրտաբնակ են:
«Ըստ էութեան նոր պատերազմ մը սկսելու մասին յայտարարեց»:
Յիշեցնենք, որ DTK-ն Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով ըրած է գրաւոր յայտարարութիւն: Վերջինիս մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր, որ պատմութեան ընթացքին թրքական պետութեան վարած «մէկ պետութիւն, մէկ ազգ, մէկ լեզու» քաղաքականութեան հետեւանքով Անատոլիայի եւ Միջագետքի ժողովուրդները ենթարկուած են ցեղասպանութեան: Այդ գործընթացը կը շարունակուի նաեւ, ցաւօք, հիմա:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com