​Վտանգաւոր Գարունը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

28 Nisan 2017  

​Վտանգաւոր Գարունը -

​Վտանգաւոր Գարունը ​Վտանգաւոր Գարունը

Գարնան ամիսներուն, միշտ ծանրաբեռնուած կ՛ըլլայ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը:

Խնդրայարոյց օրերը կը սկսին Մարտ 21-ով: Այդ օր, մեր տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար գարնանամուտ է: Օր ու գիշերի հաւասարուած օրն է այդ: Սակայն վերջին տարիներուն, շնորհիւ քրտական ազգային զարթօնքին՝ ունեցաւ նաեւ քաղաքական նշանակութիւն: Քիւրտերը հին աւանդազրոյց մը կը յիշատակեն Նեւրուզի առթիւ: Դարբին Քաւայի պատմութիւնն է այդ: Պատմութիւն՝ որ հիւսուած է հերոս Դարբինի կապանքներէն փրկութեան խորհուրդով: Հին աւանդութեան համաձայն եթէ հսկայ խարոյկներ կը բոցավառուէին դաշտերու մէջ, ապա քաղաքներու մէջ այդ խարոյկներուն տեղ կրակի տրուեցան ինքնաշարժի անիւներ: Եթէ անցեալին ուրախ բացագանչութիւններով երիտասարդներ կը ցատկէին այդ խարոյկին վրայէն, այս անգամ քաղաքական կարգախօսներ, լօզունգներ ու վանկարկումներ կը հնչէին բոցէն աւելի ծուխ արձակող անիւներու վրայէն ցատկողներու շրթներէն:

Հազիւ կ՛անցնի Մարտ 21-ը, կը թեւակոխենք Ապրիլ, եւ Ապրիլն ալ ունի իր ուրոյն հոգերը: Այս տարուան համար Ապրիլի ամենալարուած, ամենասրուած օրը եղաւ ամսուն 16-րդ օրը: Ինչպէս ծանօթ է, երկրի ճակատագիրին վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցող հանրաքուէ մը կայացաւ այդ օր: Հանրաքուէն արդէն իր նախապատրաստման փուլին ազդարարութիւններ տուած էր, թէ որքան փորձանքաբեր կրնայ ըլլալ: Արդարեւ, քարոզարշաւի շրջանին սկսան ոստիկանական բռնութիւններ, որոնց յաջորդեցին մեծ թիւով ձերբակալութիւններ: Կարծես քարոզարշաւը արգիլուած էր բոլոր անոնց համար, որոնք մտադիր էին մերժել իրենց պարտադրուած սահմանադրական փոփոխութիւնները:

Սահմանադրութիւն՝ որ նաեւ կը ներկայացուի իբր հասարակութեան համաձայնած կամք, այս օրինակին մէջ բաւական հեռու էր այդ սահմանումէն: Վերջապէս, խորհրդարանը պիտի կորսնցնէր իր լիազօրութիւններու կարեւոր մէկ մասը եւ օրէնսդրութիւնը պիտի թողուր միայն մէկ անձի կամքին: Բնականաբար, բաւական մեծ էր նաեւ այս պարտադրանքին դէմ առարկութիւն ունեցողներուն թիւը: Ահա՛ այս պայմաններուն մէջ կայացաւ հանրաքուէն եւ, ինչպէս կ՛ակնկալուէր, տեղի տուաւ շատ լուրջ հակազդեցութիւններու: Ինքնին այս ալ բնական եւ հասկնալի էր, քանի որ քուէարկութեան գործընթացը դասաւորելու պաշտօնակոչուած Ընտրութեան բարձրագոյն խորհուրդը խաղի շարունակուած պահուն փորձած էր կանոնները փոխել: Նախապէս իր որոշումով պարզուած էր, թէ չեղեալ պիտի համարուին ընտրատարածքի կնիք չունեցող թերթիկները: Սակայն, վերջին պահուն, անոնք յանկարծակիօրէն ընդունելի համարուեցան՝ տեղի տալով բուռն հակազդեցութեան: Շուտով յաջորդեց Թուրքիոյ համար մտահոգութեան աղբիւր դարձած այլ թուական մը՝ Ապրիլ 24-ը: Այսինքն՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակման օրը: Բռնութիւնը այսպէս բան մըն է: Թէ՛ կու գայ եւ կը սպաննէ, թէ՛ չի թողուր, որ սուգդ ապրիս: Դուն մեռեալներուդ յիշատակը կը յարգես, իսկ ան իրեն դէմ ատելութիւն կը գտնէ այդ յիշատակումիդ մէջ: Ուրեմն բռնակալը չխրտչեցնելու համար պիտի խուսափիս նաեւ սուգդ ապրելէ: Եթէ ոչ՝ յանկարծ այդ դիւրզգաց ու դիւրագրգիռ միտքը իր բոլոր ուժով կու գայ յարձակիլ՝ ըսելով, թէ իր պապերը կը նախատես: Մինչդեռ հաշիւը պարզ է. եթէ դուն ոճրագործները պիտի փառաբանես՝ «իմ պապս է» ըսելով, ուրիշ միջոց չունիս, պիտի հանդուրժես այդ ոճրագործ պապերուդ նախատինքը: Երեւոյթը որքան ալ յուսադրող չըլլայ, կարծես հետզհետէ կը գոյանայ այս գիտակցութիւնը Թուրքիոյ որոշ շրջանակներու մէջ: Անշուշտ անբաւարար, բայց գոնէ փոքր ինչ բարեփոխում մը՝ սա դաժան պայմաններուն մէջ: Չէ աւարտած գարնանային խնդիրի օրերը, քանի որ կը պատրաստուինք Մայիս Մէկին: Իսկ ի՞նչ կը կարծէք. Մայիս 6-ը՝ Տենիզ Կեզմիշի եւ իր ընկերներուն կախաղան ելած օրը, զա՞նց պիտի առնենք:

Բագրատ Էսդուգեան




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+