​«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

28 Nisan 2017  

​«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ -

​«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ ​«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին հարցը արգելք չի հանդիսանար սուրիական տագնապի լուծման»:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան անդամ 15 երկիրներու դեսպաններուն մասնակցութեամբ ընթրիքի ընթացքին նշեց, որ «Ասատի ճակատագիրին ճշդումը կը վերաբերի սուրիացի ժողովուրդին»` աւելցնելով. «Ասատի մնալը կամ հեռանալը կարեւոր չէ, կարեւորը քաղաքական հոլովոյթն է, Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան եւ մարտական գործողութիւններուն դադրեցումը»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել Ասատը իշխանութեան վրայ ձգելու պարագային:

«Ասատը սուրիական հարցի հաւանական կարգաւորման համար չի կրնար լուծում ըլլալ: Սուրիան պէտք է ազատագրուի Ասատէն, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծում գտնել», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:

Ըստ Էրտողանի, «Ասատը իր ժողովուրդին դէմ յարձակում գործած է հրասայլերով, թնդանօթներով, ռումբերով, քիմիական զէնքով ու կործանիչներով: Ի՞նչ կը կարծէք, ան կրնա՞յ նպաստել խնդիրի լուծման»:

Իր խօսքին մէջ Էրտողան ընդգծած է, որ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը կրնան իրարու միանալ եւ օգնել Սուրիոյ ժողովուրդին սեփական որոշում տալու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+