​«Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք – Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանա - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

28 Nisan 2017  

​«Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք – Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանա -

​«Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք – Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանա ​«Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք – Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակում»-ի Ծ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ուրախ են յայտարարելու «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակում» ծրագիրին մեկնարկին մասին: Սոյն ծրագիրին նպատակն է, մանկավարժութեան ժամանակակից գիտութեան հետ համընթաց, մասնագիտական վերամշակման առիթ ստեղծել լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի պատասխանատուներու համար:

Լիբանանահայ 23 վարժարաններ, որոնք նախորդ հանգրուանին մասնակցած էին ինքնարժեւորման աշխատանքին, սոյն ծրագիրին մասնակցելու առիթը ունին: Իւրաքանչիւր վարժարանի կողմէ ընտրուած 4-6 ուսուցիչներ կամ կրթական պատասխանատուներ կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու մէկ տարուան վրայ երկարող այս ծրագիրին, որուն մասնակիցներուն թիւը պիտի ըլլայ առաւելագոյնը 150:

Ծրագիրը պիտի ընդգրկէ աշխատանքային սեմինարներ, որոնք պիտի ներկայացուին 8 հանդիպումներու ընթացքին: Նիւթերը պիտի ըլլան այլազան, ինչպէս, օրինակ, մանկավարժական գործի ղեկավարութիւն, դասանիւթերու համակարգերու մշակում, քննական մտածողութեան զարգացում, տեղեկատուական արհեստագիտութեան դասարանային օգտագործում, արտադասարանային աշխատանքներու դերը` սորվելու գործընթացին մէջ, լեզուներու եւ ուսողութեան դասաւանդման առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան մեթոտներ եւ այլն: Աշխատանքային սեմինարներն ու հանդիպումները պիտի մատուցուին համալսարաններու դասախօսներու եւ այլ երկիրներէ հրաւիրուած վերոնշեալ նիւթերու մասնագէտներու կողմէ: Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան մշակելու գործնական աշխատանքներ, որոնց արժեւորումը պիտի կատարեն դասախօսներն ու մասնագէտները:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ բոլոր դասանիւթերու ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ` տնօրէններ, որոնք հետամուտ են կրթական մարզին մէջ նոր հմտութիւններ ձեռք ձգելու եւ մանկավարժութեան ժամանակակից մօտեցումներու քննարկումով, իրենց տեսական եւ գործնական գիտելիքները առաւել եւս զարգացնելու:

Այս ծրագիրը լիբանանահայ վարժարաններուն մատուցուած ծառայութիւն մըն է, որուն ծախսերը կը հոգայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը: Ծրագիրին համակարգումն ու իրագործումը պիտի կատարեն Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքն ու Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնը:

Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ որդեգրուած հայկական վարժարաններու եւ մանկավարժութեան վերաբերող նոր ռազմավարութեան: Ան շարունակութիւնն է այս ծիրին մէջ ստեղծուած Լիբանանի Յատուկ նշանակութեան յանձնախումբին եւ լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական վերամշակման առնչութեամբ անոր թելադրանքներուն: Այս ծրագիրը յատկապէս մշակուած է լիբանանահայ վարժարաններուն համար: Հիմնարկութեան վարժարաններու նիւթական յատկացումները կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման սատարելու իր նախաձեռնութիւնները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+