Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորած Է Եզիտի Համայնքի Նոր Տարին -
Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորած Է Եզիտի Համայնքի Նոր Տարին
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի եզիտի համայնքի Նոր տարուան` Մալաքէ Թաուսի առիթով: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Հայաստանի եզիտի համայնքի սիրելի՛ ներկայացուցիչներ,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Նոր տարուան` Մալաքէ Թաուսի առիթով:
Հայ եւ եզիտի ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը ունի դարերու պատմութիւն: Ապրելով կողք-կողքի` մենք կուտակած ենք համագործակցութեան, եղբայրութեան եւ միացեալ պայքարի հարուստ փորձ: Ներկայ սերունդներու պարտականութիւնն է այդ հարստութիւնը խնամքով փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Մեր ցաւն ու ուրախութիւնը ընդհանուր են: Եւ այսօր մեծ ոգեւորութեամբ մենք կը միանանք ձեր ուրախութեան: Թող այս Նոր տարին Հայաստանի եզիտիներուն համար ըլլայ խաղաղութեան, երջանկութեան եւ բարեկեցութեան տարի:
Ձեզի կը մաղթեմ նոր ձեռքբերումներ եւ ամենայն բարիք:
Շնորհաւոր Մալաքէ Թաուս»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com